ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանէն համայն հայութեան տուաւ իր Նոր տարուայ պատգամը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամանորի առթիւ Վեհափառ Հայրապետին արտասանած խօսքը։

*

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,

Ամանորի տօնական այս երեկոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հայրական սիրոյ մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները կը բերենք ամէնքիդ։

Ամանորը ժամանակի իւրօրինակ սահմանագիծ մըն է հինի եւ նորի, անցեալի եւ ապագայի միջեւ եւ առիթ՝ գնահատելու անցած ուղին, արարուած լաւն ու բարին, թոյլ տրուած սխալները, որովհետեւ անոնց անկեղծ ու շիտակ գնահատականը կը պայմանաւորէ այն տեսլականն ու ակնկալութիւնները, որոնցմով մուտք կը գործենք 2020 թուականը։

Անցնող 2019 թուականը պետական կեանքի վերակազմակերպման, նոր ծրագրերու, իրագործումներու ժամանակ եղաւ։ Հայրենական, ազգային եւ հոգեւոր մեր անդաստաններուն մէջ ունեցանք յաջողութիւններ։ Դրական իրագործումներու կողքին տակաւին առկայ են հրատապ լուծման կարօտ խնդիրներ եւ նոր մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն մեր ամբողջ ժողովուրդի համատեղ ջանքն ու աշխատանքը։ Իւրաքանչիւրիս ծառայանուիրումի ոգին, պատասխանատուութիւնն ու դաւանած արժէքներն են, որ իրական պիտի դարձնեն հզօր հայրենիքի, պայծառ ապագայի մեր տեսիլքները։

Նոր տարին նոր սկիզբ է մեր կեանքը նորոգելու եւ առաջընթացի ուղիներուն մէջ հաստատուն պահելու։ Մենք բոլորս պատասխանատու ենք մեր ապրած իւրաքանչիւր օրուան համար։

Պատասխանատու ենք Աստուծոյ, մեր պատմութեան, մեր նախնեաց եւ սերունդներու առջեւ։ Հայրապետիս յորդորն ու պատգամն է սիրելիներ, որ այս գիտակցութեամբ ընենք առաւելագոյնը Հայաստանն ու Արցախը հզօրացնելու, մեր կեանքը խռովող երեւոյթները փարատելու, ամրապնդելու համերաշխութեան ոգին մեր հասարակութեան մէջ եւ միասնականութիւնը ազգային մեր կեանքէն ներս։ 2020 թուականը հայրենաշինութեան եւ ազգային կեանքի պայծառացման տարի դարձնենք իրարու հանդէպ սիրով, բարիի մէջ մեր նախանձախնդրութեամբ եւ միշտ ապաւինելով Աստուծոյ, քանզի ինչպէս սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Տէրը մօտ է բոլոր անոնց, որոնք կը կանչեն զինքը, բոլոր անոնց, որոնք զինքը կը կանչեն ճշմարտապէս» (144։18)։

Ամանորի այս յուսառատ պահուն մեր ջերմ բարեմաղթանքները կը բերենք ամէնքիդ՝ պաշտօնեայ, գործարար, մտաւորական, արուեստագէտ, հողի մշակ ու աշխատաւոր, բոլոր բոլորիդ, որու ջանքերու, հաւատքի, նուիրումի շնորհիւ կը զօրանան կամքն ու վճռականութիւնը՝ կերտելու մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի անկասելի յառաջընթացը։ Հայրապետիս սէրն ու բարձր գնահատանքը՝ Հայոց բանակի իւրաքանչիւր քաջարի զինուորին։ Մեր աղօթքն ու օրհնութիւնը՝ Նոր տարին ծառայութեան մէջ դիմաւորողներուն եւ այս պահուն ընտանեկան օճախէ հեռու գտնուողներուն։ Աղօթենք միասնաբար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ դժուարութիւններ դիմագրաւող մեր ժողովուրդի զաւակներուն, նաեւ նեղութեան մէջ գտնուողներու, հոգւով եւ մարմնով տկարներու համար։

Մեր աղօթքը բարձրացնենք աշխարհի խաղաղութեան համար՝ հայցելով, որ Բարին Աստ-ւած Իր Սուրբ Աջի ներքեւ պահպանէ մեր հայրենիքը, մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի եւ արդիւնաւորէ Հայաստանի եւ Արցախի մեր իշխանութիւններու ջանքերը դարերով փայփայւած անկախ պետականութեան զօրացման ճանապարհին։

Թող Փրկիչ Մեր Տիրոջ սէրն ու առատ շնորհները միշտ ձեզի հետ ըլլան, հովանի՝ ձեր կեանքին եւ ձեր ընտանիքներուն։

Շնորհաւոր Նոր տարի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020