ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՆԻՒԹ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը ներկայ տարեմուտին միջազգային օրակարգի առաջնահերթ նիւթերու շարքին կը դասուի։ Անգարա եւ Երեւան թէեւ յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակած են եւ ուղղակի երկկողմանի բանակցութիւններու թափ տալու կը պատրաստուին, սակայն, վերջին հաշուով, այս գործընթացի բնոյթէն կը բխի այլ կարգ մը ազդու դերակատարներու ներգրաւումը՝ մանաւանդ Մոսկուայի եւ Պաքուի։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու արդէն տեղեկացուցած է, որ յատուկ ներկայացուցիչներուն առաջին հանդիպումը կ՚ակնկալուի ներկայ ամսուան մէջ, թէեւ տակաւին յստակ թուականը չէ ճշդուած։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ վերջին օրերուն յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է միջնորդ ըլլալու Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, աջակցութիւն բերելու որեւէ ձեւաչափով։ «Միեւնոյն ժամանակ, կարեւոր կը համարենք նախապայմաններ յառաջ քշելէ հրաժարիլը, փոխադարձաբար ընդունելի նիւթերու եւ քայլերու վրայ կեդրոնանալը, ինչ որ պիտի ապահովէ վստահութեան եւ բարիդրացիական մթնոլորտի աստիճանական ձեւաւորումը», յայտնեց ռուս փոխ-նախարարը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Անտրէյ Ռուտենքօ նաեւ նշեց, որ Ռուսաստան աշխուժօրէն աջակցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման։ Անցեալ տարին ամփոփելով՝ բարձրաստիճան դիւանագէտը խօսեցաւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն շուրջ։ «Ռուսաստան աշխուժօրէն կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման՝ ներառեալ անոնց միջեւ սահմանազատման եւ ապագայ սահմանագծման նպատակով երկկողմանի յանձնաժողովի մը ստեղծուիլը, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակումը Հարաւային Կովկասէ ներս։ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի առաջին հանդիպումը՝ առայժմ առանց Վրաստանի մասնակցութեան», ըսաւ ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան մատնանշեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման հարցերով յանձնաժողովը կրնայ շուտով ձեւաւորուիլ։ Անցեալ նոյեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները համաձայնութեան հասած էին ստեղծելու համար սահմանի յստակեցման հարցերով երկկողմանի յանձնաժողով մը՝ ռուսական կողմի խորհրդատուական աջակցութեամբ։ «Մեր մեկնակէտն է, որ սա շուտով տեղի կ՚ունենայ։ Բարձր մակարդակով ձեռքբերուած այս պայմանաւորուածութիւնը կեանքի կոչելու հարցին մէջ անյաղթահարելի խոչընդոտներ չենք տեսներ», ըսաւ Ռուտենքօ եւ յիշեցուց, որ սահմանի առանձին հատուածներէն ներս իրավիճակի սրման առաջին իսկ պահերուն Ռուսաստան հանդէս եկած է որպէս միջնորդ՝ առաջարկելով իր օգնութիւնը համապատասխան բանակցութիւններու սկսելու ուղղութեամբ։

  Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ հերթական անգամ անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հորիզոնին։ «Յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումը, մեր կարծիքով, տրամաբանական եւ ողջամիտ քայլ մըն է», ըսաւ ան, որու խօսքով՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նպաստէ տարածաշրջանէ ներս ընդհանուր իրավիճակի առողջացման, վստահութեան եւ բարիդրացիական մթնոլորտի ձեւաւորման։ «Եթէ նայինք պատմական տեսանկիւնէն, ապա Ռուսաստան շատ բան ըրած է՝ որպէս երկիր, որ կը փափաքի գործնականին մէջ բարելաւել յարաբերութիւնները այս երկու երկիրներուն միջեւ։ Ռուսաստան բազմիցս յայտարարած է այս կարգաւորման մէջ միջնորդական ջանքեր գործադրելու իր պատրաստակամութեան մասին», ըսաւ Զախարովա։

Միեւնոյն ժամանակ, ռուս բանբերը մեկնաբանեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններէն մէկուն ժամանակ հնչած խօսքերը, ըստ որոնց ատրպէյճանցիները պէտք է վերադառնան եւ Երեւան չի վիճարկեր անոնց՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրելու իրաւունքը։ «Աւելցնելու ոչինչ կայ», այս կապակցութեամբ ըսաւ Զախարովա, որ մեկնաբանեց նաեւ օրերս Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած՝ հայ եւ ատրպէյճանցի հասարակական ու մշակոյթի գործիչներու հանդիպումը։ «Կը յուսանք, թէ նման հանդիպումները կը դառնան կանոնաւոր եւ տեղի կ՚ունենան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ», յայտնեց ռուս բանբերը։

Մոսկուայէն հնչած այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք ամփոփեցին անցեալ տարուայ համատեղ աշխատանքին արդիւնքը, նաեւ փոխըմբռնման հասան՝ ապահովելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ եռակողմանի համաձայնութիւններու շուտափոյթ իրագործումը եւ տարածաշրջանէ ներս կապերու ապաշրջափակումը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ՝ արձանագրելով Մոսկուա-Պաքու ռազմավարական բնոյթով գործընկերութեան յառաջխաղացումը բոլոր ուղղութիւններով։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցերով դրութիւններու գործարկման նիւթն ալ ուշադրութեան առարկայ դարձուած է Լաւրովի եւ Պայրամովի կողմէ։

Հարկ է յիշեցնել, որ կարճ ժամանակ առաջ յայտարարուած էր, թէ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ բանակցութիւններ վարելու համար յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին հանդիպումը նախատեսուած է Մոսկուայի մէջ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնած էր, որ յատուկ ներկայացուցիչները թէեւ ուղղակի բանակցութիւններու կոչուած են, սակայն, հայկական կողմի փափաքով անոնց առաջին ժամադրութեան վայրը պիտի ըլլայ Մոսկուան։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022