ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄ
Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան շաբաթավերջին Սպիտակ տան մէջ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամային։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս առթիւ Օպամա շնորհաւորեց Յովհաննիսեանը հաւատարմագրի յանձնման կապակցութեամբ։ Ան արտայայտեց այն համոզումը, թէ Գրիգոր Յովհաննիսեանի փորձառութիւնները օգտակար պիտի ըլլան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ներկայ փուլին մէջ երկու պետութիւններու բարեկամութիւնը ա՛լ աւելի խորացնելու եւ ընդլայնելու առումով։
Դեսպան Յովհաննիսեան փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու ջերմ բարեմաղթանքները։ Ան նաեւ նշեց, թէ Սերժ Սարգսեան ներկայ պիտի գտնուի այս տարի Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին։ Այս կապակցութեամբ Պարաք Օպամա յայտնեց իր երախտագիտութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ բարձր գնահատելով Հայաստանի յանձնառութիւնը միջուկային անվտանգութեան այս նախաձեռնութեան համար։
Նախագահ Օպամա նշեց, որ 2015 թուականին Հայաստանի մէջ ամերիկեան ներդրումներու ծաւալի պատմական մակարդակի բարձրացումը միայն սկիզբն է մեծածաւալ առեւտրային ու ներդրումային այն կապերուն, որոնք առանցքային նշանակութիւն ունին ինչպէս Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի համար, այնպէս ալ անկէ դուրս։
Նախագահ Օպամայի այս հանդիպումը ունեցաւ լայն արձագանգ։ Տնտեսագէտ Թաթուլ Մանասէրեան յայտնեց, որ Օպամայի յայտարարութիւնը կ՚ապացուցանէ, թէ Հայաստան միակողմանի կախուածութիւն չունի Ռուսաստանէն։ Ըստ իրեն, ԱՄՆ հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ տնտեսական ներկայութիւնը աւելի բարձրացնելով, աւելցնելով եւ սա Հայաստանի համար շատ կարեւոր է՝ օտարերկրեայ ներդրումներու տեսակաւորման առումով։ «Ընդհանրապէս որքան Հայաստանի մէջ տնտեսական միջավայրը առողջ ըլլայ ու ներդրումային դաշտը գրաւիչ, մենք այնքան աւելի շատ գործընկերներ կ՚ունենանք», ըսաւ Մանասէրեան։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շրջանին Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթըն պիտի ուղեւորուի Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին մասնակցելու համար։ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ հրաւիրուած է այդ միջազգային հաւաքոյթին։