ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ այս ա­ռա­ւօտ ստո­րագ­րուե­ցաւ 2016 թուա­կա­նի ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը։ Հարկ է նշել, որ Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ժա­մա­նեց Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Հիւր նա­խա­րա­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Սէյ­րան Օ­հա­նեան այս ա­ռա­ւօտ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան վար­չա­կան հա­մա­լի­րէն ներս պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով դի­մա­ւո­րեց իր վրա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը։ Ա­ւե­լի վերջ տե­ղի ու­նե­ցան նա­խա­րար­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ ընդ­լայ­նուած կազ­մով պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Այս առ­թիւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան եւ Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի ստո­րագ­րե­ցին եր­կու եր­կիր­նե­րու այս տա­րուան ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը։ Օ­հա­նեան եւ Խի­տա­շե­լի հան­դէս ե­կան նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սով մը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ եր­կու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը ու­նե­ցան նաեւ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը։ Այս առ­թիւ քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րալ հար­ցեր, ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւա­նի եւ Թիֆ­լի­զի մի­ջեւ պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տէ ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ա­ւե­լի վերջ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գծով պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նեա­նե­րը ստո­րագ­րե­ցին 2016 թուա­կա­նի ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը։ 2010 թուա­կա­նէն ի վեր ծրագ­րա­ւո­րուած հիմ­քով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին երկ­կող­մա­նի ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տա­րե­կան ծրագ­րե­րը։ Այս տա­րուան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան ու­ղե­նիշ­ներն են փոր­ձի փո­խա­նա­կու­մը խա­ղա­ղա­պա­հու­թեան, ռազ­մա­կան կրթու­թեան, մաս­նա­գի­տա­կան վե­րա­պատ­րաստ­ման եւ ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րա­ւոր­ման ո­լորտ­նե­րէն ներս։

Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լիի պաշ­տօ­նա­կան շփում­նե­րը պի­տի եզ­րա­փա­կուին վա­ղը։ Հիւ­ր նա­խա­րա­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ իր կե­ցու­թեան շրջագ­ծով կ՚ըն­դու­նուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016