ՀՅԴ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ խմորումները կը շարունակուին՝ համախոհական նոր իշխանութեան մը ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, միջոցէ մը ի վեր արդէն շրջանառութեան մէջ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) մասնակցութեամբ համախոհական իշխանութեան մը ձեւաւորման վարկածը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դաշնակցութեան մօտ քննարկուած են իշխանութեան հետ հաւանական համագործակցութեամբ բովանդակութեան ու ձեւաչափին վերաբերեալ հարցեր։ ՀՅԴ-ի գերագոյն մարմնի հրաւէրով տեղի ունեցած է կուսակցութեան մօտ ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցած են կուսակցութեան Հայաստանի կառոյցի յիսուն կոմիտէներու եւ տասն մարզային կոմիտէներու մօտ շուրջ ութսուն ներկայացուցիչները։ Այս առթիւ ՀՅԴ-ի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան համառօտ անդրադարձած է Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներուն, օրակարգի առաջնահերթ խնդիրներուն։ Այս ամբողջին մէջ ան կարեւորած է ՀՅԴ-ի Հայաստանի կառոյցի քաղաքական դերակատարութիւնը։
Իր կարգին, ՀՅԴ-ի պիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հանգամանալից ներկայացուց վերջին շրջանին երկրէն ներս ընթացող ներքին քաղաքական գործընթացները։ Ան անրդադարձաւ ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական կեանքէն ներս ՀՅԴ-ի ունեցած դերակատարութեան եւ կուսակցութենէն ակնկալութիւններուն։ Առանձնակի քննութեան առարկայ դարձնելով վերջին տարիներուն ՀՅԴ-ի կողմէ յառաջ քշուած յայտնի եօթ կէտերը՝ Հրանդ Մարգարեան որոշակի գոհունակութիւն յայտնեց վերոյիշեալ կէտերուն շուրջ արձանագրուած դրական լուծումներուն կապակցութեամբ։ Ան խօսեցաւ իշխանութեան հետ հաւանական համագործակցութեան ակնկալութիւններուն եւ ձեւաչափերուն մասին։ Ներկայ հանգրուանին Հրանդ Մարգարեան իբրեւ քաղաքական ձեռքբերում որակած է նոր սահմանադրութեան ընդունուիլը։ Այդ ծիրին մէջ կեանքի կոչուած են ՀՅԴ-ի հիմնական սկզբունքներն ու մօտեցումները երկրի կառավարման դրութեան եւ շարք մը կարեւորագոյն քաղաքական խնդիրներու շուրջ։
Նոր սահմանադրութեան ընդունման յաջորդած ներկայ իրավիճակին մէջ՝ Հրանդ Մարգարեան կարեւորեց ՀՅԴ-ի քաղաքական դերակատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը երկրէն ներս առկայ ընկերային, տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով։ Խորհրդակցութեան ընթացքին յատկապէս ընդգծուեցան կուսակցութեան ներքին խնդիրները՝ ՀՅԴ-ի ընդլայնումն ու կազմակերպուածութիւնը դիտելով որպէս ամենօրեայ արդիւնաւէտ աշխատանքի նախապայման։
Կը հաղորդուի, որ կուսակցական շրջանակներէ ներս յառաջիկային ալ պիտի շարունակուին քննարկումները։