ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՎԱՂԸ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍԱՐՔԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի սար­քէ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րով պի­տի կա­տա­րէ ան­ցեալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան տա­րուան ամ­փո­փու­մը։ Այս մամ­լոյ ա­սու­լի­սին պի­տի յա­ջոր­դէ նաեւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը, լրագ­րող­նե­րը, լու­սան­կա­րիչ­նե­րը եւ տե­սագ­րիչ­նե­րը։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը շու­տով պի­տի փո­խադ­րուի իր նո­րա­կա­ռոյց շէն­քը, ուր պի­տի ըն­թա­նան 2016-ի աշ­խա­տանք­նե­րը։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016