ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ԱՄՆ-Ի ԴԷՄ
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ գումարեց 2017 թուականի առաջին ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկուեցան Սուրիոյ իրադարձութիւնները։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ժողովը տեւեց շուրջ ութ ժամ, որու աւարտին հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին մէջ հակազդեցութիւն հասցէագրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն՝ առանց անուն տալու։
Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները զրահապատ զինուորական ինքնաշարժներ տրամադրած է՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն։ Սա գործնականին մէջ օժանդակութիւն կը համարուի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի, որ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ շառաւիղն է։ Ամերիկեան կողմի այս բացայայտ աջակցութիւնը բնականաբար լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է Անգարայի մէջ։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ մատնանշուեցաւ, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու որպէս երկխօս ընդունուիլը, անոնց համար զանազան եզրերով զինամթերքի օժանդակութիւն կատարուիլը՝ գետին կը պատրաստեն ահաբեկչութեան ամրապնդման ու տարածման։
Խորհուրդը մանրամասն քննարկման ենթարկած է երկրէն ներս եւ դուրս ահաբեկչութեան դէմ ձեռնարկուած պայքարը։ Վերահաստատուած է երկրին վճռակամութիւնը՝ ամէն տեսակ նախազգուշական միջոց ձեռք առնելու ուղղութեամբ։
Սուրիայէ ներս տեւական հրադադարի ապահովման առաջադրութեամբ Աստանայի մէջ կազմակերպուած ժողովին մանրամասնութիւններն ալ խոշորացոյցի տակ առնուեցան ժողովականներուն կողմէ։ Զեկոյցին մէջ ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ իրականացնել իր ջանքերն ու մարդկային պատասխանատուութիւնները՝ քաղաքային անցումային գործընթացին սկիզբ տալու ուղղութեամբ։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկուան ժողովին ընթացքին քննարկեց նաեւ Կիպրոսի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ վերջին իրադարձութիւնները։ Ժողովականները ծաւալուն ձեւով քննարկեցին Ժընեւի բանակցութիւններուն արդիւնքը։ Այդ բոլորի լոյսին տակ անդրադարձ կատարուեցաւ այն քայլերուն, որոնք կը նախատեսուին Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան շահերու եւ իրաւունքներու պահպանման ուղղութեամբ։