ՆԱԶԱՐԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Լի­բա­նա­նա­հայ ներդ­րող­նե­րը կը ցան­կան Հա­յաս­տա­նի մէջ տնա­յին հիւ­սուած­քի (home textile)՝ սր­բիչ­նե­րու, ան­ձե­ռո­ցի ար­տադ­րու­թիւն հիմ­նել: Հա­յաս­տա­նի Տն­­տե­սութեան զար­գաց­ման եւ ներդ­րում­նե­րու նա­խա­րար Սու­րէն Կա­րա­յեան, Յու­նուարի 27-ին, հան­դի­պած է լի­բա­նա­նա­հայ Նա­զա­րեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին հետ:

Հա­յաս­տա­նի Տն­­տե­սութեան զար­գաց­ման եւ ներդ­րում­նե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը յայտ­նէ, որ ըն­կե­րու­թիւ­նը այս ո­լոր­տին մէջ գոր­ծու­նէու­թեան հա­րուստ փորձ ու­նի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ: Գոր­ծա­րար­նե­րը նա­խա­րա­րին ներ­կա­յա­ցու­ցած են ի­րենց հե­տա­գայ ծրա­գիր­նե­րը:

Նա­զա­րեան­նե­րը Սու­րէն Կա­րա­յեա­նի հետ քննար­կած են ն­­աեւ հար­կա­յին, մաք­սա­յին, հում­քի ներ­մուծ­ման հետ կա­պուած խնդիր­նե­րը: Նա­խա­րար Սու­րէն Կա­րա­յեան վստա­հե­ցու­ցած է գոր­ծա­րար­նե­րուն, որ պե­տու­թիւ­նը ա­ջակ­ցու­թեան իր ողջ գոր­ծի­քա­կազ­մով գոր­ծա­րար­նե­րուն կող­քին է եւ պի­տի օգ­նէ լու­ծել ի­րենց առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խն­­դիր­նե­րը: Սու­րէն Կա­րա­յեան յոյս յայտ­նած է, որ ըն­կե­րու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թեան չա­փով շուտ պի­տի սկսի ար­տադ­րու­թեան:

Գոր­ծա­րար­նե­րը նշած են, որ կը ծրագ­րեն ար­տադ­րու­թիւ­նը հիմ­նել եւ սկսիլ 2017 թուա­կա­նին:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017