ՍՈՒՏԵՐՈՒ ՄԷՋ ԽՃՃՈՒԱԾ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար այ­լընտ­րանք չի տես­ներ։ Ըստ ի­րեն, ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ Ատր­պէյ­ճան կը հրա­ժա­րի զա­նա­զան հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րէն, սա­կայն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը չու­նին այ­լընտ­րանք։ Հա­յաս­տան կը շա­րու­նա­կէ ջան­քե­րը՝ ուղ­ղուած լուծ­ման այն­պի­սի տար­բե­րա­կի մը, որ պի­տի ամ­րապն­դէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րը եւ անվ­տան­գու­թիւ­նը։ «Սա է պատ­ճա­ռը, որ պէտք է շա­րու­նա­կել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ ան։

Նա­խա­րար Նալ­պան­տեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց՝ ամ­փո­փե­լու հա­մար ան­ցեալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան տա­րին։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ ան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին շուրջ։ Նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ա­ռա­ջար­կած են ու­նե­նալ նոր հան­դի­պում մը։ Միջ­նորդ­նե­րը հայ եւ ա­զէ­րի նա­խա­րար­նե­րուն կ՚ա­ռա­ջար­կեն՝ հան­դի­պիլ Միւ­նի­խի անվ­տան­գու­թեան խորհր­դա­ժո­ղո­վի նա­խա­շե­մին։ «Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը ա­ռա­ջար­կած են Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան՝ հան­դի­պիլ Միւ­նի­խի անվ­տան­գու­թեան խորհր­դա­ժո­ղո­վի նա­խա­շե­մին։ Ա­ռա­ջար­կուած է նաեւ հան­դի­պում կազ­մա­կեր­պել Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ։ Մենք, ի հար­կէ, եր­բեք չենք հրա­ժա­րիր ո­րե­ւէ հան­դի­պու­մէ։ Բայց ինչ կը վե­րա­բե­րի Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­րա­րի հետ հան­դիպ­ման, այս պա­հուն չեմ կրնար հաս­տա­տել», ը­սաւ Նալ­պան­տեան՝ ընդգ­ծե­լով, որ յայտ­նի չէ, թէ այս ան­գամ ի՛նչ խա­ղեր կրնան կազ­մա­կեր­պուիլ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։ «Կը պայ­մա­նա­ւո­րուինք բա­նի մը մա­սին, սա­կայն վեր­ջին պա­հուն ա­նոնք կը ձե­ւաց­նեն, որ ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով չեն կրնար, նոյ­նիսկ կը մե­ղադ­րեն, որ հայ­կա­կան կող­մը կը հրա­ժա­րի հան­դի­պու­մէն։ Ը­սին, որ Համ­պուր­կի մէջ ընդ­հան­րա­պէս հան­դի­պում չէ կա­յա­ցած, թէեւ հան­դի­պում­նե­րը ե­ղած էին ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ», դի­տել տուաւ Նալ­պան­տեան եւ ընդգ­ծեց, որ նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով հան­դի­պում մը գու­ցէ կա­յա­նայ, ե­թէ Ատր­պէյ­ճան չհրա­ժա­րի այդ մէ­կէն։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան անդ­րա­դար­ձաւ ան­ցեալ Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ ապ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Նա­խա­րա­րին խօս­քե­րով, գաղտ­նիք չէ, որ Ատր­պէյ­ճան Ապ­րի­լի պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու իր դես­պան­նե­րուն մի­ջո­ցաւ կը փոր­ձէր կաս­կա­ծի տակ դնել 1994-1995 թուա­կան­նե­րու հրա­դա­դա­րի ե­ռա­կող­մա­նի պայ­մա­նագ­րե­րը։ «Այդ օ­րե­րուն ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը ստի­պուած ե­ղան Ատր­պէյ­ճա­նը քա­նի մը ան­գամ տե­ղը դնել՝ յայ­տա­րա­րե­լով, որ հրա­դա­դա­րի ե­ռա­կող­մա­նի պայ­մա­նա­գի­րը ու­ժի մէջ է եւ կող­մե­րը պէտք է պահ­պա­նեն հրա­դա­դա­րը։ Ա­ւե­լի վերջ Ատր­պէյ­ճան յայ­տա­րա­րեց, որ Վիեն­նա­յի եւ Նիւ Եոր­քի իր դես­պան­նե­րը ինք­նագ­լուխ գոր­ծած են։ Փաս­տօ­րէն, ա­նոնք ի­րենց սու­տե­րուն մէջ այն­քան խճճուած են, որ ար­դէն չեն հասկ­նար, թէ ինչ­պէս կրնան դուրս գալ ա­նոնց տա­կէն։ Այս պատ­ճա­ռով պար­բե­րա­բար կը յայտ­նուին նման ծի­ծա­ղե­լի վի­ճակ­նե­րու մէջ», ա­ւել­ցուց Նալ­պան­տեան։

Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան մատ­նան­շեց, որ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ խո­չըն­դո­տել Հա­յաս­տա­նի եւ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րը, ո­րոնք մի­տուած են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կա­րգա­ւոր­ման։ «Ատր­պէյ­ճան հար­ցա­կա­նի տակ դրաւ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, կամ այն աս­տի­ճան ա­ղա­ւա­ղեց, որ հի­մա ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը ստի­պուած են կրկնել, թէ անխ­տիր պէտք է պահ­պա­նուի հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը, ան­յա­պաղ պէտք է կեան­քի կո­չուին Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան հաս­տատ­ման եւ ԵԱՀԿ-ի նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սե­նեա­կի ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րեալ», ընդգ­ծեց Նալ­պան­տեան եւ ա­ւել­ցուց, որ սա է այն հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը, ո­րով կ՚ըն­թա­նան Հա­յաս­տան եւ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը։ 

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Նալ­պան­տեան ար­տա­յայ­տեց նաեւ այն հա­մո­զու­մը, թէ ժա­մա­նակն է՝ որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը սթա­փեց­նէ Ատր­պէյ­ճա­նը։ «Ժա­մա­նա­կը ե­կած է, որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւնն ու ա­ռա­ջին հեր­թին ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը սթա­փեց­նեն Ատր­պէյ­ճա­նը, որ դէմ կ՚եր­թայ ի­րենց կո­չե­րուն, պա­հանջ­նե­րուն եւ կորսն­ցու­ցած է ի­րա­կա­նու­թեան զգա­ցու­մը», մատ­նան­շեց Նալ­պան­տեան՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ սահ­մա­նին վրայ կա­տա­րուած ներ­թա­փանց­ման փոր­ձին։ Այդ դէպ­քէն ան­մի­ջա­պէս վերջ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հան­դէս ե­կաւ հա­մա­պա­տաս­խան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով։ Ըստ ի­րեն, մեկ­նա­բա­նու­թե­նէ վեր է այն պնդու­մը, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն իսկ տուած է սահ­մա­նի ներ­թա­փանց­ման փոր­ձին հրա­մա­նը։ Իր խօս­քե­րով, ոե­ւէ մէ­կը կաս­կած չու­նի, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ըն­դու­նակ է այդ­պի­սի հրա­ման­ներ տա­լու։ Ար­դա­րեւ, Պա­քուն իսկ է, որ կը հրա­ժա­րի լա­րուա­ծու­թեան նուա­զե­ցու­մէն եւ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան ամ­րապն­դու­մէն։ Իսկ ե­թէ այս ան­գամ բա­ցա­ռու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած էր եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը նման հրա­ման մը չէր տուած, ա­պա սա կը վկա­յէ այն մա­սին, թէ այդ երկ­րի բա­նա­կը ուղ­ղա­կի ինք­նագ­լուխ է։ Այ­սինքն կարգ մը հրա­մա­նա­տար­ներ կրնան ձեռ­նար­կել այն­պի­սի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու, ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կրնան ժխտա­կան հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին դի­տել տուաւ, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­թա­նան Մա­տրի­տեան սկզբունք­նե­րու հի­ման վրայ։ «Բազ­միցս ը­սուած է, որ ան ներ­կա­յա­ցուած է որ­պէս մէկ ամ­բող­ջու­թիւն։ Այ­սինքն՝ սկզբունք­նե­րը մէկ ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւն են, ծրար։ Սա­կայն ծրա­րը կ՚են­թադ­րէ փու­լա­յին լու­ծում», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Պա­տաս­խա­նե­լով կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ Ռու­սաս­տա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին հար­ցու­մի մը՝ նա­խա­րա­րը նշեց, որ Ռու­սաս­տան ու­նի մեծ դեր, ինչ­պէս՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներն ու Ֆրան­սան։ «Հա­մա­նա­խա­գահ ե­րեք եր­կիր­նե­րու հետ միա­սին կ՚աշ­խա­տինք։ Պէտք չէ մե­ղադ­րել հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը, այլ՝ Պա­քուն։ Պա­քուի կող­մէ շի­նիչ մօ­տեց­ման բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կը խո­չըն­դո­տէ գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռա­ջըն­թա­ցը», ը­սաւ Նալ­պան­տեան եւ ա­ւել­ցուց, որ Ատր­պէյ­ճան միայն ե­րեք սկզբունք կը տես­նէ, իսկ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը շա­րու­նա­կէ սպառ­նալ ու­ժի կի­րառ­մամբ։ Ե­թէ Ատր­պէյ­ճան յա­մա­ռի ու Վիեն­նա­յի հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը չկա­տա­րէ, ա­պա ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի դիր­քո­րո­շու­մը։ Պա­տաս­խա­նե­լով այս հարց­ման Նալ­պան­տեան յի­շե­ցուց, որ նման կա­ցու­թիւն մը ա­ռա­ջին ան­գամ չի յա­ռա­ջա­նար։ Ուս­տի, Ե­րե­ւան եւ միջ­նորդ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ջան­քեր գոր­ծադ­րել գտնե­լու հա­մար այն­պի­սի տար­բե­րակ մը, որ պի­տի ա­պա­հո­վէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­ներն ու անվ­տան­գու­թիւն­նե­րը։

Լրագ­րող­ներ Նալ­պան­տեա­նին յի­շե­ցու­ցին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի եւ ֆրան­սա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը փո­խուած են եւ այս հան­գա­ման­քը ար­դեօք կրնա՞յ փո­փո­խու­թիւն մը բե­րել։ Նա­խա­րա­րին հա­մոզ­մամբ, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց եր­կիր­նե­րուն դիր­քո­րո­շու­մը, հե­տե­ւա­բար ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թիւն չի նա­խա­տե­սուիր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2017