ԿԱՐԵՒՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐ

Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը արդէն թեւակոխած է 13-րդ օրը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրներուն կողմէ կատարուած վերջին հաղորդումներով, գործողութիւններու վերջին օրերուն ռազմաօդային ուժերը սաստիկ ձեւով կը ռմբակոծեն կարգ մը լեռնային հատուածները, ուր տեղակայուած են ահաբեկիչները։ Այսպէս, ռազմաօդային ուժերը երէկ Տարմըք լեռը ռմբակոծեցին՝ բաւական լուրջ կորուստներ պատճառելով ՓՔՔ-ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի ահաբեկիչներուն։ Այս լեռը կը գտնուի Քիլիսի եւ Հաթայի սահմանամերձ գօտիի անմիջապէս մօտակայքին։ Բաց աստի, «Անատոլու» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Քուրանի լերան գագաթն ալ հակակշռի տակ առնուած է Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ։ Ռմբակոծումները կը շարունակուին օդէն, իսկ ցամաքի վրայ բանակը կը յառաջանայ՝ իր հետն ունենալով նաեւ Ազատ Սուրիոյ բանակի զօրքերը։ Ընդհանուր առմամբ, «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ծիրէն ներս ցարդ ոչնչացուած է աւելի քան 712 ահաբեկիչ։

Նոյն աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան դրութեամբ 22 թիրախներ ոչնչացուեցան։ Քուրանի լեռը, որ կը գտնուի Աֆրին քաղաքին տիրապետող դիրքի մը վրայ, այլեւս վերջնականօրէն Թուրք զինեալ ուժերու հակակշռին տակ է եւ սա գործողութիւններու ամբողջին մէջ կը համարուի կարեւոր ձեռքբերում մը։ Բաց աստի, Հաթայի Հասսա եւ Ռէյհանլը գաւառակներուն հանդիպակաց ահաբեկչական թիրախներն ալ կը ռմբակոծուին թէ՛ ռազմաօդային ուժերու եւ թէ ցամաքէն թնդանօթներու միջոցաւ։

Թուրք զինեալ ուժերը ցայսօր ռազմավարական նշանակութեամբ 5 լեռներու հակակշիռը ձեռք անցուցած են։ Բաց աստի, Աֆրինի մօտակայքին 19 գիւղ եւ գիւղական բնակավայր մը նոյնպէս առնուած են հակակշռի տակ։ Իր կարգին, Ազատ Սուրիոյ բանակն ալ, որ կը զօրակցի Թուրք զինեալ ուժերու այս գործողութիւններուն, նոյնպէս ձեռք անցուցած է զանազան շրջաններու հակակշիռը։

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները դաշտի վրայ վճռակամ ձեւով յառաջ տանելու առընթեր, Անգարա դիւանագիտական գետնի վրայ ալ կը շարունակէ ծաւալուն ջանքերը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները քննարկեցին Աֆրինի եւ Իտլիպի վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ Բաց աստի, նկատի ունենալով, որ Սոչիի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Սուրիոյ զանազան խաւերը կամ հատուածները համախմբող գագաթաժողով մը՝ Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան այդ հանդիպման ընթացքին ծաւալուած քննարկումներուն։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին, Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ արժեւորումներ կատարելու առընթեր, Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքին։ Երկու ղեկավարները մատնանշեցին այն հանգամանքը, որ Սոչիի մէջ կազմակերպուած Սուրիոյ Ազգային երկխօսութեան քոնկրէսը կը համարուի կարեւոր ձեռքբերում մը՝ հակառակ, որ այնտեղ ծագած են կարգ մը խնդիրներ։ Սոչիի մէջ որոշուած է, որպէսզի յանձնաժողով մը կազմակերպուի նոր սահմանադրութեան մը մշակման առաջադրութեամբ։ Սա կը համարուի կարեւոր արդիւնք մը։ Էրտողան եւ Փութին խօսեցան նաեւ Սուրիոյ այն գօտիներուն մասին, ուր Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան որոշած են նուազեցնել լարուածութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ լարուածութեան սահմանափակման գօտիներուն մաս կը կազմէ Իտլիպը եւ այնտեղ անվտանգութեան լուրջ խնդիրներ կ՚ապրուին՝ Էրտողան եւ Փութին համակարծիք գտնուեցան՝ որպէսզի Թուրքիա ժամ առաջ վերահսկման կէտեր հաստատէ այնտեղ։ Հանրապետութեան նախագահը «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ընթացքին շուրջ ալ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ռուս պաշտօնակցին։ Բաց աստի, երկու ղեկավարները ընդգծեցին փոխադարձ հասկացութեան եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Անոնք վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ երկկողմանի համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով զարգացնելու համար։ Այս ամբողջին մէջ Էրտողան եւ Փութին խօսեցան Աքքույուի հիւլէակայանի կառուցման ծրագրին եւ «Թրքական հոսք» նախագծի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն։

Բաց աստի, Էրտողան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներ։ Նախագահը շուրջ մէկուկէս ժամ զրուցեց Սաատ Հարիրիին հետ, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Անգարայի աղբիւրները մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին Էրտողան-Հարիրի զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սոչիի մէջ կազմակերպուած համաժողովը, Աֆրինի գործողութիւնը եւ Իրաքի վերաբերեալ խնդիրները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2018