ԴԻՏԱՐԿՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի ընթացքը դիտարկելու համար ստեղծուած Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ զինուորական կեդրոնը շաբաթավերջին պաշտօնապէս գործել սկսաւ Աղտամի մէջ։ Բացման հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ այս առթիւ՝ շահագրգիռ կողմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։ Թուրքիոյ կողմէ արարողութեան մասնակցեցաւ Ազգային պաշտպանութեան փոխ-նախարար Եունուս Էմրէ Քարաօսմանօղլու, որ Աղտամի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Քննարկուեցան ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր։ Ըստ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրներուն, կողմերը ընդգծեցին այս ուղղութեամբ ջանքերը աւելցնելու՝ մասնաւորապէս, համատեղ զօրավարժութիւններ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն այս կեդրոնի պաշտօնական բացման հետ գրեթէ համընկնեցաւ Ատրպէյճանի մէջ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահին պաշտօնազրկումը։

Այս ռազմախարիսխի պաշտօնական բացման զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ալիեւ-Էրտողան զրոյցի ընթացքին կողմերը վստահութիւն յայտնեցին, թէ նորաստեղծ կեդրոնի գործունէութիւնը պիտի նպաստէ տարածքաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ թրքական ընկերութիւններու մասնակցութեան՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու վերականգնման։ Նախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի համաձայնութեան ընթացքի կատարման առընչութեամբ։

Ալիեւ-Փութին զրոյցի ընթացքին ալ կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին ռազմավարական համագործակցութեան վրայ հիմնուած բարեկամական յարաբերութիւններու յաջող զարգացման կապակցութեամբ։ Կողմերը վստահութիւն յայտնեցին այդ կապերու ապագայ ամրապնդման համար։ Ալիեւ եւ Փութին կարեւորեցին նաեւ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով եռակողմանի հանդիպման բերումով։

Միւս կողմէ, Կարսի մէջ այսօր սկիզբ կ՚առնեն «Ձմեռ 2021»  լայնածաւալ ռազմափորձերը, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ փետրուարի 12-ը։ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բանակները կ՚իրականացնեն լայնածաւալ զօրավարժութիւններ։ Վերջին օրերուն Երեւանի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս անհանգստութիւն յայտնած էր այս կապակցութեամբ։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021