ՃԵՒԱՏ ԶԱՐԻՖ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԵԶԱԿԻ ԴԵՐ ՄԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ԿՈՎԿԱՍԻ ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ շաբաթավերջին աւարտեց իր ձեռնարկած շուրջ միշաբաթեայ մեծ շրջագայութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին շփումներ ունեցաւ Նախիջեւանի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ Զարիֆի իրականացուցած ուղեւորութեան նպատակն էր համագործակցութեան նոր ձեւաչափերու հիմքեր դնել Կովկասէ ներս։ Ճեւատ Զարիֆ հիւրընկալուեցաւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան գերագոյն վեհաժողովի նախագահ Վասըֆ Թալիպովի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Զարիֆ նշեց, որ կովկասեան տարածքաշրջանի տեսակէտէ կենսական նշանակութիւն պիտի ունենայ Նախիջեւանի դերակատարութիւնը։ «Մենք պէտք է քայլերու ձեռնարկենք, որպէսզի Կովկասէ ներս դաժան պատերազմի փորձառութիւնը չկրկնուի։ Սա ընելու միակ ճանապարհը փոխշահաւէտ համագործակցութիւնն է։ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը կրնայ եզակի դերակատարութիւն ունենալ այս գործին մէջ, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան ուղիներ ստեղծելու հարցին շուրջ», ըսաւ Զարիֆ եւ յոյս յայտնեց, թէ տարածքաշրջանի երկիրները կը յաջողին համապարփակ համագործակցութիւն ծաւալել Հարաւ-հիւսիս եւ Հարաւ-արեւմուտք միջանցքներով։ Զարիֆ ընդգծեց, որ այդ միջանցքները կը միացնեն Պարսից ծոցը Ռուսաստանին ու Սեւ ծովին։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021