ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓԵՐ

Մոսկուայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի եռակողմանի հանդիպումը։ Այս երեք երկիրներու ղեկավարները յունուարի 11-ին հանդէս եկած էին յայտարարութիւնով մը, որու մէջ նախատեսուած էր այս փոխ-վարչապետներու մակարդակով հարթակին ստեղծուիլը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակի պայմաններով։ Տարածքաշրջանէ ներս բոլոր տնտեսական ու փոխադրութեան կապերը ապաշրջափակելու նպատակով եռակողմ աշխատանքային խումբ մը ստեղծելու ուղղեալ համաձայնութեան զուգահեռ՝ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ փոխ-վարչապետներու այս առաջին հանդիպումը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթավերջի հանդիպման ընթացքին փոխ-վարչապետները համաձայնեցան շարք մը մասնագիտական ենթախումբերու ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Այդ ենթախումբերը հետամուտ պիտի ըլլան երկաթուղային, ցամաքուղային եւ համակցուած փոխադրումներու, այս բոլորը երաշխաւորելու՝ ներառեալ անվտանգութիւնը, սահմանային, մաքսային, առողջապահական, անասնաբուժական, բուսաառողջապահական եւ վերահսկողութեան այլ տեսակներու։

Կողմերը պայմանաւորուեցան մասնագիտական ենթախումբերու կազմաւորումը աւարտել մինչեւ վաղը եւ անոնց առաջին հանդիպումները իրականացնել մինչեւ շաբաթավերջ։ Որոշուեցաւ նաեւ եռակողմանի աշխատանքային խումբի հերթական հանդիպումը նոյնպէս Մոսկուայի մէջ իրականացնել։ Թուականը պիտի որոշուի համանախագահներուն կողմէ՝ աշխատանքային կարգով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2021