ԱՌԱՍՊԵԼԻՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՄԵՐԳ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Մանսուրեան. խօսքի եւ մեղեդիի խաչմերուկին» խորագրեալ համերգը, որ իսկապէս փառաշուք ձեռնարկ մըն էր Օփերայի երդիքին տակ։ Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի 87-րդ տարեդարձին ձօնուած էր այս փայլուն համերգը, որու ընթացքին հանդէս եկան Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը, Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը եւ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը՝ Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ։ Դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուցած հանդիսատեսները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին թէ՛ բացառիկ համերգը եւ թէ Տիգրան Մանսուրեանը, որ երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր եւ բեմին վրայ իրեն յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը։ Այսպէսով հայկական երաժշտական աշխարհը թէ՛ մեծարեց եւ թէ հերթական անգամ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի նկատմամբ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2023