ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓ

Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս առանցքի իրադարձութիւնները այս շրջանին առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ այս կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի Անգարայի, Մոսկուայի եւ Դամասկոսի եռակողմանի շփումներուն միանայ նաեւ Թեհրանը։ Լաւրով դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան կը սատարէ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքը կը զարգացնէ։ «Բնական է, որ այժմ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է նաեւ այդ աշխատանքին Իրանն ալ ներգրաւելու ուղղութեամբ», ըսաւ Լաւրով եւ աւելցուց, որ Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան մաս կը կազմեն Աստանայի եռեակին ու կը զբաղին Սուրիոյ տագնապի կարգաւորմամբ։

«Ուստի, ես տրամաբանական կը համարեմ, որ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ապագայ շփումները ընթանան Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ միասին։ Ինչ կը վերաբերի մասնակցութեան ժամկէտներուն եւ յստակ ձեւաչափերուն՝ զինուորականներու եւ գիտնականներու մակարդակով, սա պիտի մշակուի», ըսաւ Լաւրով։

Ինչպէս ծանօթ է, տարեմուտէն ի վեր օրակարգի վրայ է Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպման մը կազմակերպման հաւանականութիւնը։ Այժմ, երբ այս ձեւաչափը կը ստանայ քառակողմանի բնոյթ, տակաւին յստակ չէ, թէ յառաջիկայ իրադարձութիւնները ինչպիսի փոփոխութիւն մը պիտի կրեն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2023