Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ

Երեւանի Պետական համալսարանի Ուսանողական գիտական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուած՝ գիտական յօդուածներու հերթական ժողովածոյին մէջ վերջերս լոյս տեսած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մասին գրութիւն մը։ Հասարակական գիտութիւններու բաժնին մէջ հրատարակուած է նորին սրբազնութեան վերաբերեալ յօդուածը, որու հեղինակն է Մարգարիտա Կրտիկաշեան։ «Թուրքիոյ յայտնի հայերու անյայտ պատմութիւնները. Արամ Արք. Աթէշեան» խորագրեալ յօդուածին մէջ ուսումնասիրուած է նորին սրբազնութեան կեանքը, հովուական գործունէութիւնն ու անոր ընկալումը թրքահայ կեանքէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւորուած են Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի՝ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած շրջանին ապահովուած կրթութեան եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղեալ քայլերը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայկական հարցին վերաբերեալ անոր դիրքորոշումներուն։

Գիտական այս յօդուածին մէջ խոշորացոյցի տակ առնուած նիւթը իսկապէս արդիական է։ Հեղինակը մանրամասնօրէն ներկայացուցած է 2010-2017 թուականներուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը՝ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ։ Նորին սրբազնութեան կեանքը եւ այդ ժամանակահատուածի գործունէութիւնը լուսարձակի տակ բերելով՝ հեղինակը յաջողած է արտացոլել ու հիմնաւորել այն իրողութիւնը, թէ թրքահայութիւնը հաւաքականութիւն մըն է, որ կը փորձէ բոլոր միջոցներով պահպանել իր ինքնութիւնը։ Գիտական յօդուածի խորքը պայմանաւորած հանգամանքներէն մին ալ այն է, որ հեղինակը զանազան լեզուներով ուսումնասիրած է տուեալ նիւթին վերաբերեալ սկզբնաղբիւրները, յօդուածները, նաեւ կատարած է հարցազրոյցներ։ Այս բոլորը աւելի նպաստած է ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուած նիւթի համապարփակ ներկայացման։

Հարկ է նշել, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի վերաբերեալ այս յօդուածին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուած են Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումն ու պաշտամունքի վերաբացումը, ինչպէս նաեւ Վանայ լճի Աղթամար կղզիի այժմ թանգարանի վերածուած պատմական եկեղեցւոյ երդիքին տակ իր ձեռամբ շուրջ դար մը անց մատուցուած պատմական Սուրբ Պատարագը։ Պատմական հարցերու առընթեր, յօդուածի բովանդակութեան մաս կազմած են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վարչական տարաբնոյթ խնդիրները՝ ներառեալ վաքըֆներու հարցերը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2023