ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստան-Անգլիա մշակութային համագործակցութիւնը յառաջիկային պիտի նշանաւորուի վառ նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Բրիտանական թանգարանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի Երեւանի մէջ ցուցադրուի Անահիտ դիցուհիի արձանը։ Այս գործը կը գտնուի Բրիտանական թանգարանին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ներկայ տարուան սեպտեմբերին նախատեսուած է ցուցադրութիւնը։

Սոյն նախաձեռնութեան ներգրաւուած է նաեւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէն։

Հարկ է նշել, որ Անահիտ դիցուհիի արձանը առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի Երեւանի մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2024