«ՕՍՔԱՐ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ՔԸՐՔ ԳՐԳՈՐԵԱՆԻՆ

Ա­մե­րի­կեան շար­ժան­կա­րի ա­կա­դե­միոյ «Օս­քար»ի 88-րդ մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ժա­մա­նակ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցուած է «Metro Goldwyn Mayer»ի հիմ­նա­դիր հան­գու­ցեալ Քըրք Գըր­գո­րեա­նի եւ բո­լոր ա­նոնց յի­շա­տա­կին, ո­րոնք ան­ցեալ տա­րի հե­ռա­ցան կեան­քէն:

2016 թուա­կա­նի Ա­մե­րի­կեան շար­ժա­նկարի ա­կա­դե­միոյ 88-րդ «Օս­քար» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ըն­թաց­քին, դե­րա­սան եւ օս­քա­րա­կիր Լուիզ Քո­սէթ ներ­կա­յա­ցուց տե­սա­նիւթ մը, ուր կը նշուէին այն մար­դոց ա­նուն­նե­րը, ո­րոնք եր­բե­ւէ կա­պուած ե­ղած են շար­ժան­կա­րի, շար­ժան­կա­րի ա­կա­դե­միոյ հետ եւ հե­ռա­ցած են կեան­քէն 2015 թուա­կա­նին:

Տե­սա­նիւ­թը կ՚ու­ղեկ­ցուէր «Պիտըլզ» խում­բի յայտ­նի «Blackbird» եր­գով:

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016