ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՆԱՑ ԻՆՆԵՐՈՐԴ ԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ

Նա­զար Հան­չէր կը տե­ղե­կաց­նէ.-

Շա­բա­թա­վեր­ջին Իս­թան­պու­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Պալ­քա­նեան մարմ­նա­մար­զի ա­խո­յե­նու­թիւ­նը։ Թուր­քիոյ Մարմ­նա­մար­զի դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած այս մրցա­շար­քին մաս­նակ­ցե­ցաւ տասն­վեց երկ­րէ շուրջ եր­կու հա­րիւր մար­զիկ։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կանն ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ այս մրցա­շար­քին, որ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէր նաեւ Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան ճա­նա­պար­հին։ Մրցա­շար­քի ա­ւար­տին Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը զբա­ղե­ցուց 9-րդ կար­գը։

Հարկ է նշել, որ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան սա­նուց միու­թեան վար­չա­յին­նե­րը ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թիւն ցոյց տուին Հա­յաս­տա­նի մար­զիկ­նե­րուն նկատ­մամբ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016