Նոր Ջուղայի Հին Հայկական Տուները Վերահսկողութեան Տակ Կը Գտնուին. Իրանցի Փրոֆեսըր

Ի­րա­նի Սպա­հան քա­ղա­քին մէջ գտնուող Նոր Ջու­ղայ թա­ղա­մա­սէն ներս, երբ 1985 թուա­կա­նին ե­ղած է ե­րեք հա­րիւր հայ­կա­կան տուն, այ­սօր պահ­պա­նուած է ըն­դա­մէ­նը եօ­թա­նա­սու­նը: Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին թան­գա­րան-հիմ­նար­կին մէջ Հա­յաս­տա­նի Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած «Նոր Ջու­ղայ» խո­րա­գի­րը կրող գի­տա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է Ի­րա­նի Սպա­հան քա­ղա­քի Նոր Ջու­ղա­յի եւ յա­րա­կից շրջան­նե­րու հայ­կա­կան վտան­գուած յու­շար­ձան­նե­րու հե­տա­զօ­տող, Սպա­հա­նի հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րուես­տի բա­ժան­մուն­քի Փրոֆ. Ահ­մէտ Մոն­թա­զէր:

Ըստ  ա­նոր, պե­տա­կա­նօ­րէն ո­րե­ւէ ա­ւե­րա­ծու­թիւն չէ ե­ղած, այլ ա­նու­շադ­րու­թեան եւ ան­փու­թու­թեան հե­տե­ւանք այդ­քան բնա­կե­լի տու­ներ քան­դուած են այս ըն­թաց­քին:

«Ե­ղած են դէպ­քեր, որ  Հին Ջու­ղա­յի բնա­կի­չը իր տու­նը վա­ճա­ռած է մէ­կու մը, ո­րուն հա­մար այդ հնու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լը  կա­րե­ւոր չէ ե­ղած, քան­դած է ու նո­րը կա­ռու­ցած է ա­նոր տեղ: Նման դէպ­քեր ար­ձա­նագ­րուած են հիմ­նա­կա­նօ­րէն Ի­րա­նի յե­ղա­փո­խու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ վե­րահս­կո­ղու­թիւն չկար. հնա­վայ­րե­րը ա­ւե­րուե­ցան, նո­րե­րը կա­ռու­ցուե­ցան` ե­կա­մուտ­նի նպա­տա­կով: Ե­ղան դէպ­քեր, որ նոյն տե­ղի բնկիչ­նե­րը ար­տա­գաղ­թե­ցին Ջու­ղա­յէն եւ տար­բեր շրջան­նե­րէն ե­կան բնա­կե­լու այդ­տեղ նոր հա­յեր, ո­րոնք քան­դե­ցին հին տու­նե­րը ու նո­րը կա­ռու­ցե­ցին», ը­սած է ան:

Ահ­մէտ Մոն­թա­զէ­րի խօս­քով, Ի­րա­նի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նու­թեամբ զբա­ղող կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը այժմ հսկո­ղու­թեան տակ ա­ռած է Նոր Ջու­ղա­յի տա­րած­քը, որ­պէս­զի այ­լեւս հին տու­ներ չքան­դուին: Ըստ ա­նոր, հա­կա­ռակ այդ վի­ճա­կին, այժմ Սպա­հա­նի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ վայ­րը, որ նաեւ հնու­թիւն կը հա­մա­րուի, Նոր Ջու­ղան է:

«Ծրա­գիր կայ, ո­րուն հա­մա­ձայն կ՚ու­զեն այն­պէս ը­նել, որ այդ տա­րած­քը մե­քե­նա­ներ մուտք չգոր­ծեն, այլ միայն քա­լե­լով հնա­րա­ւոր ըլ­լայ շրջիլ ամ­բողջ տա­րած­քով: Բա­ցի այդ, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ գնուած է տա­սը տուն, նո­րո­գուած է, ո­րոնք պի­տի ըլ­լան  մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման կեդ­րոն­ներ: Այդ տու­նե­րէն մէ­կուն մէջ ար­դէն կը գոր­ծէ հա­մալ­սա­րան, որ կը զբա­ղի Նոր Ջու­ղա­յի մշա­կոյ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ», ը­սած է ի­րան­ցի ճար­տա­րա­պե­տը:

Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ Ջու­ղա­յի մէջ կա­ռու­ցուած հա­յե­րու ու պար­սիկ­նե­րու տու­նե­րը կը տար­բե­րին ի­րար­մէ:  Հա­յե­րու տու­նե­րուն սկիզ­բը այ­գի է, այ­նու­հե­տեւ նոր բնա­կե­լի մա­սը, պարս­կա­կան տու­նե­րը եր­կու մա­սէ բաղ­կա­ցած են, ու­նին հիւ­րե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած յա­տուկ մաս եւ ըն­տա­նի­քին ապ­րե­լու հա­մար մաս: Թէ՛ հա­յե­րու եւ թէ պար­սիկ­նե­րու տու­նե­րը կա­ռու­ցուած են ա­ղիւ­սով եւ կա­ւով, ինչ­պէս Ջու­ղա­յի ե­կե­ղե­ցի­նե­րը: Ըստ Մոն­թա­զէ­րի, քար ընդ­հան­րա­պէս չէ օգ­տա­գոր­ծուած, քա­նի որ այդ տա­րած­քին մէջ քար քիչ կայ: Հայ­կա­կան տու­նե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն մէկ-եր­կու յար­կա­նի են:

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016