ՍԵՒԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸ ՇՈՒՏՈՎ ԽԱՆՈՒԹ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ՄԱՅԱՄԻԻ ՄԷՋ
Արհեստի եւ գեղարուեստական աշխարհէ ներս միշտ կը փայլի Սեւան Պըչաքճըի աստղը։ Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութիւնն ալ առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Սեւան Պըչաքճըի անունը հերթական անգամ օրակարգի վրայ գայ՝ աներեւակայելիօրէն հետաքրքրական եւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնով մը։ Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ամերիկացի յայտնի արուեստագիտուհի Ուհուփի Կոլտպերկ կրած է Սեւան Պըչաքճըի կողմէ ստեղծագործուած մատանի մը։ Պողիպոդի (ահթափոթ) տեսքով այդ մատանին արդէն ծածկած էր յայտնի արուեստագիտուհիին ամբողջ աջ ձեռքը։ Մամլոյ սպասաւորներու հետաքրքրութիւնը յագեցնելու նպատակով ան տեղեկացուց, թէ այդ մատանին ստեղծագործուած է Սեւան Պըչաքճըի կողմէ եւ անոր շինութիւնը տեւած է աւելի քան տարի մը։
Այս կապակցութեամբ տեղական մամուլը այսօր հերթական անգամ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ Սեւան Պըչաքճըին ու մանաւանդ ոսկերչութեան ու թանկարժէք քարերու աշխարհէն ներս իր արձանագրած մեծ ոստումին վրայ։ Ան Գոց շուկայէն հասած վարպետ մըն է ու ներկայիս նուաճած է իր ընդգրկած ասպարէզին բարձունքները։
Սեւան Պըչաքճը ներկայիս մեր համայնքին տեսակէտէ ալ եզակի դէմք մըն է, որու անձին մէջ կը խորհրդանշուին Գոց շուկայի հայ վարպետներու ստեղծագործական հարուստ աւանդութիւնները։
Թերթերը կը տեղեկացնեն, որ Սեւան Պըչաքճը կը պատրաստուի մօտաւոր ապագային խանութ մը բանալ Մայամիի մէջ, իբր այդ, պիտի ճամբորդէ դէպի Միացեալ Նահանգներ։