ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հան­դէս ե­կաւ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան ուղ­ղեալ կո­չով մը։ Այդ կո­չը տա­րա­ծուե­ցաւ նաեւ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք զայն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծե­լով։

Սի­րե­լի՛ հա­յեր, Սփիւռ­քի մեր հայ­րե­նա­կից­նե՛ր,

Պա­տիւ ու­նիմ կո­չով դի­մե­լու ձե­զի եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ան­տար­բեր չեն Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ, մաս­նա­կից ըլ­լա­լու հայ­րե­նի­քի ա­պա­գա­յի կա­ռուց­ման:

Հա­յաս­տա­նը եւ Սփիւռ­քը մէկ ամ­բող­ջի եր­կու մասն են՝ ի­րա­րու հետ կա­պուած պատ­մու­թեան մէկ շղթա­յով, մէկ ճա­կա­տա­գի­րով, հայ­րե­նի­քի ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ ան­հանգս­տու­թեամբ: Մենք պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ու­նինք մէկս միւ­սի նկատ­մամբ, որ մեզ կը պար­տա­ւո­րեց­նէ միա­ւո­րել ու­ժե­րը, բազ­մա­պատ­կել հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ու շտկել մեր կե­ցուած­քը աշ­խար­հի նիս­տու­կա­ցին մէջ: Մենք այլ տար­բե­րակ չու­նինք, քան լաւ եր­կիր կա­ռու­ցե­լու եւ հզօր ու ար­դար Հայ­րե­նիք ու­նե­նա­լու հրա­մա­յա­կա­նը:

Ժա­մա­նակն է, որ ը­սենք, թէ մենք կրնանք փո­խել միայն մեր ու­ժով ու մեր խել­քով:

Մեր ան­կա­խու­թեան ճա­նա­պար­հին ու­նե­ցած ենք յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, ն­­աեւ սխալ­ներ՝ ա­ռար­կա­յա­կան ու են­թա­կա­յա­կան գոր­ծօն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած: Գի­տակ­ցած ենք բաց­թո­ղում­նե­րը եւ հեր­թա­կան սխալ­նե­րը թոյլ տա­լու ի­րա­ւունք այ­լեւս չու­նինք:

Մեր երկ­րի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դիր­քը եւ այ­սօ­ր-ւան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը պար­տա­ւո­րեց­նեն մե­զ ըլ­լալ խե­լա­ցի եւ խե­լա­ցի կեր­պով օգ­տա­գոր­ծել մեր մրցակ­ցա­յին ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը: Մեր հարս­տու­թիւ­նը այ­սօր կ­­՚ո­րո­շուի ոչ թէ նաւ­թով ու կա­զով, այլ Հա­յաս­տա­նի, Սփիւռ­քի եւ Ար­ցա­խի խե­լա­ցի մարդ­կա­յին նե­րու­ժով:
Մենք կ­­՚եր­թանք փո­փո­խու­թիւն­նե­րու եւ այդ հո­րի­զո­նին հաս­նե­լու հա­մար ու­նինք մէկ յստակ բա­նա­ձեւ՝ հայ­րե­նա­սէր խումբ, կամք, խե­լա­ցի կա­ռա­վա­րում եւ ծրա­գիր­ներ, ո­րոնք շար­ժիչ ուժ կը հան­դի­սա­նան մի­ջա­վայ­րը ո­րա­կա­պէս փո­խե­լու հա­մար:

Մենք կը հրա­ւի­րենք Սփիւռ­քի մեր կա­ռա­վա­րիչ­նե­րը, մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­նե­րը, կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան ո­լոր­տի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող հայ­րե­նա­կից­նե­րը՝ մաս­նա­կից դառ­նա­լու երկ­րի մէջ ըն­թա­ցող բա­րե­փո­խում­նե­րուն՝ ա­ռա­ջին հեր­թին կա­ռա­վար­ման նոր մշա­կոյթ բե­րե­լու, Սփիւռ­քի մեր լա­ւա­գոյն մաս­նա­գէտ­նե­րու գի­տե­լիք­ներն ու նե­րու­ժը հա­մա­հայ­կա­կան նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յեց­նե­լու հա­մար:

Այս ա­ռու­մով Սփիւռ­քը մե­զի հա­մար ա­ռա­ւե­լու­թիւն է: Չօգ­տա­գոր­ծել Սփիւռ­քի նե­րու­ժը, կը նշա­նա­կէ ըլ­լալ ե­սա­կեդ­րոն ու ներ­փա­կուած: Չտրա­մադ­րել Սփիւռ­քի մէջ առ­կայ յա­ռա­ջա­դէմ միտ­քը մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն եւ ու­սա­նող­նե­րուն կը նշա­նա­կէ ըլ­լալ ա­նար­դիւ­նա­ւէտ այ­սօ­րուան ա­րագ փո­փո­խուող աշ­խար­հին մէջ:

Սփիւռ­քի մշա­կոյ­թը պէտք է նկա­տե­լի ըլ­լայ մեր կեան­քին մէջ... իւ­րա­քան­չիւր շփում մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու հետ վստահ եմ նոր լիցք եւ ո­գե­ւո­րու­թիւն կը հա­ղոր­դէ մե­զի, ո­րու ար­ժէ­քա­ւո­րու­մը, գու­ցէ, հա­շուար­կե­լի չէ, բայց ար­դիւն­քը միան­շա­նակ կա­րող է բե­րել աշ­խար­հա­յեաց­քի փո­փո­խու­թեան, ար­ժե­հա­մա­կար­գե­րու նկատ­մամբ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան, կա­ռա­վար­ման ու աշ­խա­տան­քի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման: Սա ար­դէն կ՚ըլ­լայ բո­լո­րիս յա­ջո­ղու­թիւ­նը:

Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,

Վստահ եմ, որ ձեր ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ­­՚ու­նե­նանք ա­րագ ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րել ա­ռանց­քա­յին ո­լորտ­նե­րու մէջ եւ տա­րած­քա­շր­ջա­նին մէջ ու­նե­նալ տն­­տե­սա­կան, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, կրթա­կան ա­ռա­ջա­տար հա­մա­կար­գեր:

Պահ­պա­նե­լով ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րը՝ միա­ժա­մանակ բաց եւ հան­դուր­ժող ըլ­լալ զար­գա­ցող ար­տա­քին աշ­խար­հի հան­դէպ: Ձեր մի­ջո­ցով այլ ազ­գե­րու մշա­կոյթ­նե­րու լա­ւա­գոյն հմտու­թիւն­նե­րը փո­խառ­նել ու ն­­աեւ ա­ւե­լի ճա­նա­չե­լի դարձ­նել Հա­յաս­տա­նը աշ­խար­հին:

Ան­կախ ան­կէ, թէ ո՛ր երկ­րի մէջ կ՚ապ­րինք, ես ներ­քին հա­մոզ­մունք ու­նիմ, որ բո­լո­րիդ ուշքն ու միտ­քը Հա­յաս­տանն է եւ բո­լո­րիդ մօտ հպար­տու­թեան ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւորուած է ն­­աեւ Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կե­ցու­թեամբ: Ու­րեմն ա­մէն ինչ ը­նենք, որ­պէս­զի մէկս միւսն ու­ժե­ղաց­նենք, միա­ւո­րուինք ու միա­սին կա­ռու­ցենք երկ­րի ա­պա­գան, որ­պէս­զի մեր ե­րա­խա­նե­րը վստահ ըլ­լան, որ Հա­յաս­տա­նը ժա­մա­նակ անց պի­տի չզի­ջի յա­ռա­ջա­դէմ այն եր­կիր­նե­րուն, ուր հա­յե­րը յա­ճախ կ՚եր­թան լաւ կեան­քի ակն­կա­լի­քով:

Վստա՛հ ե­ղէք, ա­մե­նա­լաւ եր­կի­րը հա­յե­րուն հա­մար Հա­յաս­տանն է:

Մեր երկ­րի ա­պա­գա­յով մտա­հոգ, ան­հան­գիստ ու պար­զա­պէս սրտի կանչ ու­նե­ցող իւ­րա­քան­չիւր հայ մարդ ը­նե­լիք ու­նի այս ճա­նա­պար­հին:

Ան­կախ ապ­րե­լու վայ­րէն, կու­սակ­ցա­կան պատ­կա­նե­լու­թե­նէն եւ ըն­կե­րա­յին դիր­քէն՝ մենք բո­լորս ու­նինք մէկ գա­ղա­փար, ո­րուն շուրջ պէտք է միա­ւո­րուինք եւ հա­մախմ­բուինք՝ ու­ժեղ, պատ­մա­կան ար­ժէք­ներն ու ա­ւան­դոյթ­նե­րը պահ­պա­նող, բայց եւ ժա­մա­նա­կա­կից, հպա՛րտ Հա­յաս­տան:

Կոչ կ­­՚ը­նեմ՝ միա­սին ստեղ­ծենք այն­պի­սի հայ­րե­նիք, որ աշ­խար­հով մէկ հպար­տու­թեամբ մեզ հայ կո­չենք:

Սի­րով կը սպա­սենք ձե­զի:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017