ՄԱՆՐԱՄԱՍՆ ՊԱՐԶԱԲԱՆՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ հակառակ Ատրպէյճանի տեւական սպառնալիքներուն՝ Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ հաստատակամօրէն կերտել սեփական ապագան։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աւարտեց դէպի Պրիւքսել աշխատանքային այցելութիւնը։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի, Եւրոմիութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանիի հետ։ Սարգսեան, որ Եւրոխորհրդարանէն խումբ մը պատգամաւորներու հետ ալ տեսակցեցաւ, օրուան սկիզբին ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Գարնեկի» հիմնադրամի Պրիւքսելի գրասենեակէն ներս։ «Յանուն համաշխարհային խաղաղութեան» խորագրեալ ելոյթին ընթացքին ան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Երէկուան իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Սերժ Սարգսեան օրակարգի վրայ բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Ան Ժան-Քլոտ Եունքէրի հետ տեսակցելու ժամանակ քննարկեց տարածքաշրջանի առկայ վիճակը եւ վերջին զարգացումները։ Այս ամբողջին մէջ Սարգսեան եւ Եունքէր անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին։ Նախագահը ներկայացուց կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներն ու մտահոգութիւնները։ Ան բարձր գնահատեց այս մասին Եւրոմիութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշումը, որ համահունչ է հակամարտութեան կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ ձեւակերպումներուն։
Սերժ Սարգսեան Ֆետերիքա Մոկերինիի նկատառման ալ յանձնեց իր մտահոգութիւնները։ Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Ատրպէյճանի ապակառուցողական ընթացքը եւ այդ երկրին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծի երկայնքով, նաեւ Հայաստանի պետական սահմանին վրայ պարբերաբար հրահրուող սադրանքները։ Ըստ Սարգսեանի, ազէրի կողմը կը հրաժարի Վիննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարումէն։ Սարգսեանի խօսքերով, այս երեւոյթը հարցականի տակ կը դնէ միջազգային հանրութեան՝ խնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ երկարամեայ ջանքերը եւ ամբողջ բանակցային գործընթացը։
Անթոնիօ Թայանիի հետ զրուցելու ընթացքին եւս Սերժ Սարգսեան քննարկեց տարածքաշրջանային զարգացումները, առկայ խըն-դիրներն ու մարտահրաւէրները ու նոյն ամբողջին մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Նախագահ Սարգսեան ներկայացուց Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի իրավիճակը եւ Պաքուի ապակառուցողական եւ սադրիչ քայլերը։ Ան բարձր գնահատեց ջանքերը այն պատգամաւորներուն, որոնք անձամբ եղած են Արցախի մէջ եւ յըս-տակ գիտեն, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը փափաքի Արցախի ժողովուրդը։ Սարգսեան դատապարտելի համարեց եւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Եւրոխորհրդարանի այդ պատգամաւորներուն դէմ Ատրպէյճանի կողմէ հետախուզում կը յայտարարուի։
ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Ատրպէյճան կը շարունակէ իր ընթացքով պատճառ դառնալ նոր լարուածութիւններու։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ երէկ յետմիջօրէին, շփման գծի հարաւ-արեւելքին, Մարտունիի ուղղութեամբ, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կիրառեցին SPIKE տիպի հակահրասայլային կառավարուող հրթիռ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չկրեց այս յարձակման հետեւանքով։ Իսկ Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը, որու հետ քննարկեց անցեալ շաբաթավերջի դէպքերը։ Ըստ Միրզոյեանի այս դէպքերը հերթական անգամ կը հաստատեն Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները գործնականօրէն կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը։