ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ

Եւրոյանձնաժողովը երէկ հրապարակեց Անգլիոյ Եւրոմիութեան կազմէն դուրս գալուն (Պրեքսիթ) վերաբերեալ համաձայնագրի առաջին նախագիծը։ Պրիւքսելի մէջ սոյն նախագիծը տարածուեցաւ Եւրոյանձնաժողովի մամլոյ ծառայութեան կողմէ։ Բաց աստի, Եւրոմիութեան գլխաւոր բանագնաց Միշէլ Պարնիէ այդ նախագիծը ներկայացուց յատուկ մամլոյ ասուլիսով մը։

«Խօսքը կը վերաբերի համաձայնագրի նախագծին։ Մենք այս իրաւաբանական թեքստը այս պահէն սկսեալ պիտի քննարկենք ԵՄ-ի անդամ 27 երկիրներուն (առանց Անգլիոյ) եւ Եւրոխորհրդարանի հետ։ Մենք պէտք է բոլոր բանակցութիւնները աւարտենք աշնան, որպէսզի հասցնենք համաձայնագիրը վաւերացնել ժամանակին», յայտարարեց Միշէլ Պարնիէ։

«Եւրոմիութենէն եւ Աթոմային ուժանիւթի գծով եւրոպական հանրակցութենէն Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի դուրս գալու մասին համաձայնագրի նախագիծը» կը բաղկանայ 111 էջէ։ Այդ մէկը կ՚ամփոփէ Պրիւքսելի մէջ Լոնտոնի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները՝ անցեալ Դեկտեմբերին աւարտին հասած առաջին փուլի արդիւնքները, Անգլիոյ մէջ Եւրոմիութեան երկիրներէն եւ հակառակ ուղղութեամբ գաղթածներու իրաւունքներու երաշխիքները, Իրլանտայի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի միջեւ սահմանի բաց կարգավիճակը, Պրեքսիթէն յետոյ Լոնտոնի ելմտական վճարումները։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ պետութիւն մը դուրս կու գայ Եւրոմիութեան կազմէն, ուստի համապատասխան համաձայնագրին նախագիծն ալ կը ներկայացնէ աննախընթաց բնոյթ։

«Եւրոնիուզ»ի հաղորդումներով, Միշէլ Պարնիէ յայտնեց, որ Անգլիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ լուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին անցումային գործընթացի պարագային։ Արդարեւ, անգլիական կողմը կը նախատեսէ երկարաձգել երկու տարուան անցումային գործընթացը։ «Անգլիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ կարեւոր տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին անցումային գործընթացի նշանակութեան, պայմաններուն եւ չափումին կապակցութեամբ։ Մենք կը փափաքինք, որ անցումային գործընթացը 30 Դեկտեմբեր 2020 թուականին հասնի իր աւարտին։ Մեր տեսակէտէ չափազանց կարեւոր է, որ սա համընկնի պիւտճէի ժամանակաշրջանին, իսկ Անգլիա կը փափաքի այս գործընթացը բաց պահել», ըսաւ Միշէլ Պարնիէ։

Իր կարգին, Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյն ալ յայտնեց, որ Պրեքսիթի վերաբերեալ ծրագիրը կը սպառնայ իր երկրի սահմանադրական ամբողջականութեան։

Շարք մը քաղաքական մեկնաբաններու համոզմամբ, մէկ կողմը Պրեքսիթի գործընթացը թէեւ ընթացքի մէջ է, սակայն միւս կողմէ Անգլիա կասկածներ ունի Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018