ՏԱԳՆԱՊԷՆ ԴԷՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄ

Երուսաղէմի մէջ վերջին օրերուն Սուրբ Տեղաց շուրջ ապրուեցան լուրջ իրադարձութիւններ։ Իսրայէլի իշխանութիւններուն կողմէ նախատեսուած երկու քայլեր պատճառ դարձան տագնապի մը ծագելուն եւ բարեբախտաբար այդ տագնապէն դէպի լուծում անցնիլը երկար չտեւեց։ Թէեւ կանխաւ պէտք է յայտնել, թէ լուծումը պէտք է համարել միջանկեալ՝ զերծ մնալու համար չափազանց լաւատեսութենէ։

Վերջին օրերու խնդիրները յառաջացան նախ «Առնոնա» կոչուած տուրքին բերումով։ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակէր գանձել այս տուրքը քրիստոնեայ համայնքներէն եւ վերջերս նոյնիսկ աւելի հեռուն երթալով եկեղեցական ստացուածքի բռնագրաւման, դրամատան հաշիւներու սառեցման ճանապարհով փորձեց իրականացնել գանձումներ։ Բաց աստի, երկրի խորհրդարանէն ներս շրջանառութեան մէջ մտաւ ծայր աստիճան խնդրայարոյց բանաձեւ մը։ Այսպէս, ըստ այդ նախագծին, Երուսաղէմի քրիստոնեայ համայնքները սահմանափակումներ պիտի ունենային իրենց տարածքները կամ կալուածները վարձու տալու ժամանակ։ Եթէ անոնք իրենց տարածքները կամ կալուածները վարձակալութեան տային որեւէ երրորդ կողմի՝ կազմակերպութեան կամ անհատի, այլ ոչ թէ կառավարութեան հաւանութեան արժանացած կազմակերպութեան ու առանց Քնեսէթի նոր ստեղծուելիք յանձնաժողովի ու կառավարութեան համաձայնութիւնը ստանալու, ապա այդ տարածքները կամ կալուածները պիտի բռնագրաւուէին ի օգուտ Իսրայէլի պետութեան։

Այս երկու խնդիրները Սուրբ Քաղաքէն ներս ստեղծեցին ճգնաժամային կացութիւն։ Հարցը արդէն կը հասուննար միջոցէ մը ի վեր եւ ամիսներ առաջ համաքրիստոնէական Սուրբ Տեղերը տնօրինող երեք՝ հայոց, յունաց եւ լատինաց պատրիարքութիւնները զգուշացումներով հանդէս կու գային այս ուղղութեամբ։ Ի վերջոյ, երբ հարցերը անշրջադարձելի հունի մը մէջ ընթանալ սկսան եւ դանակը հասաւ ոսկորին՝ Սուրբ Քաղաքի երեք պատրիարքները հանդէս եկան խիստ յայտարարութիւնով մը եւ ի նշան բողոքի անոնց համատեղ տնօրիութեամբ փակուեցան Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները։ Այս բոլորը ապրուեցան քրիստոնեայ աշխարհի վառ ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ 

Ի վերջոյ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Երուսաղէմի քաղաքապետին եւ միւս կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։ Տեսակցութեան ժամանակ որոշուեցաւ յետաձգել թէ՛  հարկերու եւ թէ Քնեսէթի նոր նախագծի քննարկումները։ Առկայ հարցերու լուծման համար յառաջիկային պիտի որոնուին այլ ճանապարհներ։

Այս իրադարձութենէն վերջ Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները վերաբացուեցան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան արդիւնաւէտ համարեց վերջին օրերուն ձեռնարկուած միջոցները։

Երուսաղէմի քրիստոնեայ երեք պատրիարքութիւնները անհանգստացած էին, որ Իսրայէլի իշխանութիւններուն կողմէ նախատեսուած քայլերը պիտի վերածուէին քրիստոնեաներու իրաւունքներու դէմ ոտնձգութեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018