ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔ ՉՏՈՒԱՒ ԶՕՐԱՎԱՐ ՕՆՆԻԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԶՐԿՄԱՆ, ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅԱՄԱՌՕՐԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին առարկութիւններով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ետ վերադարձուց այն հրամանագիրը, որով կը նախատեսուէր Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկումը։ Իր կարգին, Փաշինեան կայծակնային արագութեամբ տեղեկացուց, որ այդ հրամանագիրը նոյնութեամբ դարձեալ ուղարկած է Հանրապետութեան նախագահին՝ ակնկալելով, որ կը վաւերացուի համապատասխան կարգով։ Երկրի առկայ թէժ իրավիճակին մէջ այս խնդիրը քաղաքական տագնապի մեխերէն մին դարձած է։ Ըստ Սահմանադրութեան, ներկայ պայմաններով Հանրապետութեան նախագահը ունի երեք այլընտրանք։ Առաջինը՝ այս անգամ կրնայ վաւերացնել հրամանագիրը։ Երկրորդը՝ կրնայ այդ մէկը Սահմանադրական ատեան ուղարկել։ Եւ երրորդ հաւանականութիւնը այն է, որ Արմէն Սարգսեան ոչինչ կ՚ընէ եւ այդպէսով ինքնաբերաբար, իրաւական ուժով այդ որոշմնագիրը կը դառնայ ի զօրու։

Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակը շաբաթավերջին մասնաւոր յայտարարութիւնով մը պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ Արմէն Սարգսեան առարկութիւններով վերադարձուցած է Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագիրը։ Այսպէս, վարչապետի առաջարկին կապակցութեամբ Արմէն Սարգսեան խորհրդակցութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցած է իշխանութեան ներկայացուցիչներու, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, զինեալ ուժերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ։ Վարչապետի հրամանագրի նախագիծը ուսումնասիրուած է Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն ներս, ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկուած՝ յառաջատար իրաւաբաններու եւ անկախ փորձագէտներու հետ։ Իրաւաբաններու եւ մասնագէտներու տեսակէտները ամփոփելով՝ կարելի է եզրակացնել, որ հրամանագրի նախագիծը առերեւոյթ կը հակասէ Սահմանադրութեան։

Նոյն պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Հանրապետութեան նախագահը չի պաշտպաներ որեւէ քաղաքական ուժ եւ որոշումները կ՚առնէ՝ առաջնորդուելով բացառապէս պետական ու համազգային շահերով։ Անվիճելի է, որ զինեալ ուժերը քաղաքական հարցերու մէջ պէտք է պահպանեն չէզոքութիւն։ Ակնյայտ է նաեւ, որ պատերազմով պայմանաւորուած՝ զինեալ ուժերու անձնակազմը այսօր աւելի քան երբեւէ բոլորի աջակցութեան եւ ուշադրութեան կարիքն ունի։ Բանակի եւ անձնակազմի խնդիրներու լուծումը առաջնային է եւ չի կրնար որեւէ պարագայով անտեսուիլ։ Ստեղծուած իրավիճակը աննախադէպ է։ Կը պահանջէ համակարգային եւ համապարփակ լուծումներ ու չի կրնար կարգաւորուիլ անձնակազմի յաճախակի փոփոխութիւններու միջոցաւ՝ առանց հաշուի առնելու երկրէն ներս առկայ վիճակը։

Նախագահական աշխատակազմը առանձնապէս ընդգծեց, որ հրամանագրի նախագիծը Արմէն Սարգսեանին ներկայացուած է Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ կատարուած յայտարարութենէն վերջ, ռազմական դրութեան իրավիճակի ներքեւ, քաղաքական տագնապի եւ անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրներու գոյութեան պայմաններուն ներքեւ։ Ուստի, Հանրապետութեան նախագահը սահմանադրական իր լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ առարկութիւններով վարչապետին վերադարձուցած է հրամանագրի նախագիծը։ «Հանրապետութեան նախագահը կը հետապնդէ միայն մէկ նպատակ՝ երկիրը զերծ պահել սահմանադրական կարգին եւ անվտանգութեան սպառնացող վտանգներէ, ապահովել երկրի կայունութիւնը եւ զինեալ ուժերու բնականոն գործունէութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Նիկոլ Փաշինեանին կողմէ այս բոլորէն վերջ դրսեւորուած յամառութիւնը թէեւ բաւական վիճելի է, սակայն իր գլխաւորած իշխանութեան շրջանակներէն հնչած հակազդեցութիւնները ա՛լ աւելի մտահոգիչ են։ Արդարեւ, իշխանական շրջանակներէն երեսփոխաններ շաբաթավերջին սկսան առաջ քշել պնդումներ, թէ առերեւոյթ հիմքեր կան Արմէն Սարգսեանի պաշտօնանկութեան համար գործընթացի մը ձեռնարկելու նպատակով։

Առկայ բանավէճի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ շաբաթավերջին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ պահանջելով, որ բանակը չներքաշուի քաղաքական գործընթացներու։ Զուգահեռաբար, պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան հեռախօսազրոյց մը ունեցած է իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Ըստ հաղորդումներուն, նախարարները քննարկած են Արցախի իրավիճակը։ Թէեւ որեւէ ակնարկութիւն չէ եղած ներքին քաղաքական խնդիրներու, սակայն, հայ եւ ռուս պաշտպանութեան նախարարներու այս շփումի հրապարակման ժամկէտը ուշագրաւ է, երբ Հայաստանի իրադարձութիւններու կիզակէտին յայտնուած է բանակը։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան 1 մարտ 2008 թուականի դէպքերու տարելիցին առթիւ այսօր հրապարակեց պատգամ մը։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ քաղաքական պայքարը պէտք չէ դուրս գայ օրինականութեան շրջանակէն ու պէտք չէ երկիրը տանի ցնցումներու եւ անկայունութեան։

Արմէն Սարգսեանի գրասենեակը հաստատեց, որ վարչապետի՝ նախագահի առարկութիւնները չընդունելու վերաբերեալ հիմնաւորումները հասած են իրեն։ Եթէ հարցը փոխանցուի Սահմանադրական ատեան, ապա վճիռ պէտք է արձակուի տասն օրուայ ընթացքին։ Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողով մը, որմէ բացակայած է Օննիկ Գասպարեան։ Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան կոչ ուղղեց մերժել բռնութիւնն ու սպառնալիքը՝ որպէս քաղաքական գործընթացներու հանգուցալուծման միջոց։ Սա այն մթնոլորտին մէջ՝ երբ Հայաստանի խորհրդարանը բացարձակ կրաւորական ու ձեռնունայն կը մնայ առկայ տագնապի պայմաններով։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021