ԲԵՒԵՌԱՑՈՒՄԸ Կ՚ԱՀԱԳՆԱՆԱՅ

Հայաստանի առկայ ներքին քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ բեւեռացումը կ՚ահագնանայ։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ այսօր երկրէն ներս կը նշուի 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերու տարելիցը։ Սա թէեւ համատարած ցաւ մը կը նշանակէ, սակայն այժմ առկայ քաղաքական տագնապը անխուսափելիօրէն կը բնորոշէ երկրին մթնոլորտը։ Տեւական լարուածութիւնն ու մտահոգիչ անորոշութիւնը գերեվարած են Հայաստանը՝ մինչ այսօր իշխանութեան եւ ընդդիմութեան կողմէ առանձին հանրահաւաքներ նախատեսուած են Երեւանի մէջ երեկոյեան ժամերուն։ Այս հակադիր հանրահաւաքներն ու երթերը աչալուրջ շրջանակներուն մօտ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն հաւանական առճակատումներու առումով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնները անվարան կը դիմեն իրերայաջորդ անհաւատալի քայլերու, որոնք քաոսը կը խորացնեն Հայաստանի մէջ։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը կը շարունակէ ամբողջ թափով գործունէութիւն ծաւալել ու միշտ կը ձգտի ամրապնդել իր շարքերը՝ վարչապետի հրաժարականի պահանջին շուրջ համախմբման հասնելու նպատակով։ Երեւանի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան, որու վրայ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքը, արդէն օրերէ ի վեր կը մնայ փակ։ Ընդդիմադիր ցուցարարներ տեղակայուած են այնտեղ, շարունակ յայտարարութիւններ կը հնչեն Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով եւ ստեղծուած է մշտական հանրահաւաքի մը մթնոլորտը։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան շաբաթավերջին յայտնեց, որ այս քանի մը օրերուն յայտնի պիտի դառնայ ամբողջ պայքարի ճակատագիրը։ «Վճռական օրերը մեր առջեւն են», յայտնեց հերթական անգամ Վազգէն Մանուկեան, ըստ որու 2018 թուականին Նիկոլ Փաշինեան փտածութեան դէմ պայքարի պատրուակով մուտք գործեց բանակ եւ կոտրեց զայն։ Բանակը հլու-հնազանդ ենթարկուեցաւ այդ ջարդին, մինչ ժողովուրդը կը ծափահարէր։ «Մենք այս բանին հետեւանքը տեսանք պատերազմի ժամանակ», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան եւ աւելցուց, որ Փաշինեան այժմ դարձեալ կը փորձէ ջարդել հայկական բանակը եւ այդ նպատակին պիտի հասնի, եթէ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկումը ապահովէ։ «Եթէ Փաշինեան յաղթէ եւ կարողանայ Սահմանադրական ատեանի, նախագահի կամ այլ ձեւով մը հասնիլ Գասպարեանի պաշտօնազրկման, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ աւելի վերջ։ Տրամաբանութիւնը այն է, որ բանակը պէտք է ոտքի կանգնի եւ այդ ժամանակ ամենավճռական օրերը կը սպասեն Հայաստանին», ըսաւ Մանուկեան եւ աւելցուց, որ համբերատար պէտք է ըլլալ եւ ամուր կանգնիլ։

Իր կարգին, ընդդիմադիր երեսփոխան Էտմոն Մարուքեանն ալ շաբաթավերջին յայտնեց, որ Նիկոլ Փաշինեան որեւէ պատասխանատու, պետականամէտ քայլի չի ձեռնարկեր ներքին քաղաքական տագնապը լուծելու համար։ Ան նպատակային ձեւով երկիրը կը տանի անորոշութեան, ցնցումներու, ինչ որ ծանր հետեւանքներու յղի է։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021