ՄԻՆՉ ԱՅՎԱԶԵԱՆ ՄԻՇՏ ԿԸ ԽՕՍԻ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԴԷՄ, ԻՍԿ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻՆ ՆԵՑՈՒԿԸ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ

Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Բնականաբար, Անգարա չ՚անտեսեր իր հարեւանութեամբ պատահածները՝ մանաւանդ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, երբ Երեւան կը դիմագրաւէ ցնցումներ։ Հասկնալի է, որ Հայաստանի հարեւանները եւ տարածքաշրջանի գլխաւոր դերակատարները երկրի կացութիւնը կը դիտարկեն՝ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին համար տրուած զանազան երաշխիքներու եւ խոստումներու տեսանկիւնէն։ Այս բոլորէ անդին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բնորոշումով՝ երկրէն ներս ռազմական յեղաշրջման փորձը ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգ գտած է Թուրքիոյ մէջ։ Անգարայի իշխանութիւնները սկզբունքային շեշտադրումներով դէմ արտայայտուած են ռազմական յեղաշրջման՝ ինչպէս կը պատահի աշխարհի զանազան անկիւնի նման իրադարձութեան պարագային։ Յամենայնդէպս, Հայաստանի պարագային տրուած արձագանգը գործնականօրէն կը նշանակէ աջակցիլ Նիկոլ Փաշինեանին։ Թուրքիա, անտարակոյս, կրնայ լիուլի հաշուարկել, թէ ո՛ր նիւթի պարագային տրուած ո՛ր արձագանգը ինչպիսի՛ հետեւութիւններու դուռ կրնայ բանալ։ Այս տեսանկիւնէն հետաքրքրական է, որ թրքական կողմը անպատեհ չէ նկատած յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ հանդէս գալ այնպիսի դիրքերէ, որոնք կը վերագրուին Փաշինեանի ի նպաստ աջակցութեան։

Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ օրերէ ի վեր անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի իրադարձութիւններուն։ Երեւանեան զանազան աղբիւրներ երէկ հաղորդեցին, որ Փաշինեանի այս օրուան հանրահաւաքին տեղւոյն վրայ հետեւելու համար Հայաստան մեկնած են Թուրքիայէ մետիայի ներկայացուցիչներ։

Զուգահեռաբար՝ թրքական մամուլը արձագանգ կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ յառաջ քշուած պնդումներուն, ըստ որոնց Լաչինի միջանցքի վրայով Հայաստան գաղտնի ձեւով զօրք կը կուտակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Սա իրատես ըլլալէ շատ հեռու պնդում մըն է, որովհետեւ արդէն Աղտամի դիտարկման կեդրոնին միջոցաւ Թուրքիա եւ Ռուսաստան վերահսկողութեան տակ կը պահեն ամէն տեսակ շարժում։ Ուստի, շատ հաւանական ըլլալ չի թուիր այդպիսի պարագայ մը՝ մանաւանդ, որ դիտարկման հնարաւորութիւնները ամենայն հաւանականութեամբ բաւարար են որեւէ անակնկալ կանխելու։ Ուստի, ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Պաքուի կողմէ յառաջ քշուած այդ պնդումները կրնան ծնունդ տալ ուրիշ տպաւորութեան մը։ Ներկայիս Հայաստանի մէջ Փաշինեան եւ զինեալ ուժերը հասած են ճամբաբաժանի մը։ Պարզ է, որ Պաքու այս շրջանին չի փափաքիր Երեւանի մէջ իշխանափոխութիւն մը։ Անգարան ալ հասկնալիօրէն այդպիսի նախընտրութիւն մը կրնայ ունենալ։ Հետեւաբար, Պաքուի կողմէ յառաջ քշուած պնդումները ինքնաբերաբար կրնան վերագրուիլ Հայաստանի բանակին եւ կրնան նպատակ հետապնդել այս վերջինը քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ դժուար կացութեան մատնելու՝ հրադադարի համաձայնութեան ներհակ գործելու պատրուակով։

Երեւանեան զանազան լրատուամիջոցներ այս շրջանին արձագանգ կը հանդիսանան, որ Թուրքիայէն որոշ լոպիինկի աշխատանքի համար դէմքեր ուղարկուած են Երեւան։ Առաւել ուշագրաւ էր, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ պաշտօնապէս հերքումով մը հանդէս եկաւ այնպիսի լուրերու կապակցութեամբ, ըստ որոնց Թուրքիոյ բանակէն յատուկ խումբի մը ներկայացուցիչներ մուտք գործած են Հայաստան։

Մինչ ստեղծուած պատկերը բաւական պղտոր է, ռուսական մամուլէն որոշ վերլուծաբաններ ալ կը քննարկեն թրքական կողմի ցուցաբերած աջակցութիւնը՝ ի նպաստ Փաշինեանին։ Անոնք այս բանը կ՚որակեն հակասական։ Ըստ ռուս վերլուծաբաններուն, թրքական կողմը լրիւ անտարբեր մնացած էր Հայաստանի մէջ յեղաշրջումով մը Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ գալուն, սակայն այժմ ամենաբարձր մակարդակով մտահոգութիւն կը յայտնուի Հայաստանէ ներս յեղաշրջման մը հաւանականութեան դէմ։ Այս կէտին վրայ ռուս վերլուծաբանները հակասութիւն մը կը տեսնեն ու կը մատնանշեն, որ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ մնալուն կողմնակից են այնպիսի ուժեր, որոնք աւանդաբար Հայաստանի բարեկամներու շարքին չեն դասուիր։ Նոյն ամբողջին մէջ ենթադրութիւններ կատարուած են Անգարայի դիրքորոշման հաւանական դրդապատճառներուն շուրջ, ըստ որոնց նպատակայարմար չի դասուիր հայկական կողմէն բարձրանալիք արտաքին քաղաքականութեան ուղղութեամբ հաւանական վճռականութիւն մը։

Միւս կողմէ, այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան շարունակեց Անգարայի դէմ խօսիլ՝ շաբաթավերջին «ՌԻԱ Նովոստի» ռուսական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։ Այվազեան թէեւ վերջերս Հայաստանի խորհրդարանի ամպիոնէն յարաբերաբար աւելի դրական յայտարարութիւն մըն ալ ըրած էր Անգարայի պարագային, սակայն, ընդհանուր առմամբ, Երեւանէն բարձրացած ձայները հեռու կը մնան լաւատեսութիւն ներշնչելէ։ Այվազեան այդ հարցազրոյցին մէջ հերթական անգամ նշեց, որ Թուրքիա բացասական գործօն մը կը համարուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մէջ։ Ան նշեց, որ հայկական կողմը միջազգային հանրութեան աւելի թիրախաւորուած ազդեցութիւնը կ՚ակնկալէ, որպէսզի Թուրքիա դադրեցնէ իր բացայայտ ակրեսիւ վերաբերմունքը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դէմ։ Աւելի՛ն, ան հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ այն քննադատութիւնները, ըստ որոնց Թուրքիա եւ Ատրպէյճան օտարերկրեայ վարձկաններ առաջնորդած են տարածքաշրջան եւ անոնք պէտք է հեռացուին անյապաղ։

Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ երբ միջազգային ուշադրութիւնը աւելցած է Հարաւային Կովկասի նկատմամբ, խստացած է նաեւ մրցակցութիւնը ազդու դերակատարներուն միջեւ, Հայաստանի քաղաքական տագնապը արտասովոր նշանակութիւն կը ստանայ տարածքաշրջանի ապագային տեսակէտէ, ուր հայ-թրքական յարաբերութիւններուն համար ալ ուրիշ ապագայի մը յոյսերը կը փայփայուին։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021