ԱՆՑԱԿԷՏ ՉԷ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքի շահագործման կարգը պէտք է համապատասխանէ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ՝ 9 նոյեմբեր 2020 թուականին ձեռք բերուած հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան։ Ուստի, այդ յայտարարութեան մէջ չէ նախատեսուած որեւէ անցակէտի ստեղծում կամ հաստատում։
Դէպի Պաքու պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Բանակցութիւններու աւարտին երկու նախարարները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Սերկէյ Լաւրով այս փուլին անդրադարձաւ նաեւ Լաչինի միջանցքին, որ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր փակ է, հետեւաբար պաշարեալ Արցախի մէջ մարդասիրական լուրջ տագնապ մը յառաջացած է։ Ռուս նախարարը այս առթիւ Ատրպէյճանի պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յիշեցուց հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան տրամադրութիւնները։ «Անոր գործունէութեան կարգը պէտք է լիովին համապատասխանէ 9-10 նոյեմբեր 2020 թուականի առաջին եռակողմանի յայտարարութեան, ինչ որ կը նշանակէ բացառապէս քաղաքացիական եւ մարդասիրական բեռներու, քաղաքացիական անձերու ազատ տեղաշարժը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը։ Մենք այս իսկ բանին կը ձգտինք՝ առաջին հերթին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին միջոցաւ։ Այնտեղ չէ նախատեսուած որեւիցէ անցակէտի ստեղծում», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։
Բաց աստի, Լաւրով Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ Ռուսաստան Հարաւային Կովկասի պարագային կ՚առաջնորդուի «մի՛ վնասեր» սկզբունքով, սակայն տարածաշրջանի բոլոր խաղացողները չեն բաժներ այս մօտեցումը։ «Մենք կ՚առաջնորդուինք այն սկզբունքով, որ կարելի է բնութագրել՝ որպէս «մի՛ վնասեր» եւ ամենագլխաւորը՝ բոլոր ի յայտ եկած խնդիրներու լուծման նպաստելու սկզբունքով, ինչ որ առաջին հերթին հիմնուած կ՚ըլլայ երեք առաջնորդներու սկզբունքային համաձայնութիւններուն վրայ՝ անոնց չորս յայտարարութիւններու շրջանակներէն ներս», ըսաւ Լաւրով։ Ի շարունակութիւն, ռուս նախարարը ընդգծեց, որ Մոսկուայի միւս սկզբունքն է՝ ապահովել տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ փոխադարձ շահաւէտ, փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած համագործակցութիւն մը։ Ան կրկնեց, որ բոլոր խաղացողները նոյն սկզբունքներով չեն առաջնորդուիր՝ յատկապէս անոնք, որոնք կը գտնուին Հարաւային Կովկասէ հեռու։ Պաքուի մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի տարածքէն ներս Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան սկիզբին։ Իր խօսքով՝ սա բազմաթիւ հարցեր կը յառաջացնէ իր օրինականութեան առումով։ «Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս Եւրոմիութիւնը բացայայտօրէն կը չարաշահէ իր յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ յառաջ մղելով նաեւ իր, այսպէս կոչուած, առաքելութիւնը Հայաստանի տարածքէն ներս, որու օրինականութեան առումով լուրջ կասկածներ կը յառաջանան։ Այս առաքելութիւնը բազմաթիւ հարցեր կը յառաջացնէ՝ ներառեալ իր գործառոյթներուն, լիազօրութեան, տեւողութեան, ինչպէս նաեւ այլ յաւելեալ արժէքի առումով, որ ան կրնար բերել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն։ Բայց կողմերու ինքնիշխան ընտրութիւնն է՝ որո՛ւ հետ համագործակցիլ, որու հետ՝ ոչ», շեշտեց Լաւրով։
Հարցումի մը պատասխանելով Պաքուի մէջ Լաւրով մեկնաբանեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններէն մին, ըստ որու, Ռուսաստանի ռազմական ներկայութիւնը Հայաստանէն ներս չ՚երաշխաւորեր անվտանգութիւնը եւ ընդհակառակն՝ անվտանգութեան սպառնալիք մըն է։ Այս կապակցութեամբ ռուս նախարարը ըսաւ. «Հայաստանի ղեկավարի՝ ձեր կողմէ մէջբերուած յայտարարութիւնը ամբողջովին կը թողեմ իր խղճին»։
Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սերկէյ Լաւրով անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արեւելեան տարածքներէն ներս ուժանիւթակիրներու օգտագործման վերաբերեալ հարցերուն եւ այս կապակցութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ դատավարութեան՝ վնասից հատուցման համար։ Այս բոլորի լոյսին տակ Սերկէյ Լաւրով ըսաւ, որ սա Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկկողմանի հարցն է։
Բաց աստի, Լաւրով Պաքուի մէջ ալ վերահաստատեց Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը՝ հնարաւորութիւն ընձեռելու համար շարունակելու եռակողմանի բանակցութիւնները Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան ձեւաչափին մէջ։ Ըստ իրեն, ռուսական կողմը պատրաստ է արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով նոր հանդիպում մը կազմակերպելու։ Ան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճան պատրաստակամութիւն յայտնած է այս ձեւաչափով նոր հանդիպման մը մասնակցելու համար։ Հայաստան ներկայիս նոյնպէս չ՚առարկեր, բայց առայժմ վերջնական համաձայնութիւն չէ տուած։ Ըստ Լաւրովի, Մոսկուա կ՚ակնկալէ, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմանի աշխատանքային խումբը շուտով կը կարողանայ համաձայնիլ Ատրպէյճանի արեւելեան հատուածի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրութեան հաղորդակցութեան հաստատման շուրջ։
«Մենք խօսեցանք Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման բանակցային գործընթացին մասին։ Կը յուսանք, թէ շուտով Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխ-վարչապետները՝ որպէս եռակողմանի աշխատանքային խումբի համանախագահներ, պիտի կարողանան յստակ համաձայնութիւններ ձեռք բերել Ատրպէյճանի հիմնական տարածքի եւ Նախիջեւանի միջեւ երկաթուղիի օգտագործումը վերականգնելու վերաբերեալ», ըսաւ ան։
Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամովն ալ յայտարարեց, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը՝ ներառեալ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ, կրնայ Հիւսիս-հարաւ նախագծի լուրջ բաղադրիչ մը դառնալ։ Լաւրովի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պայրամով տեղեկացուց նաեւ, որ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ քննարկումներու հարցին մէջ առցանց դիւանագիտութիւնը անարդիւնաւէտ դարձած է եւ Պաքու Երեւանը հրաւիրած է վերադառնալ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։
Հայկական լրահոսին մէջ Լաւրովի Պաքու այցելութիւնը եւ այդ առիթով հնչած յայտարարութիւնները կը մեկնաբանուին հիմնական հարցումի մը լոյսին տակ. արդեօք Լաւրովի Պաքու այցելութենէն յետոյ պիտի բացուի՞ Լաչինի միջանցքը։ Մինչ այդ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ երէկ հերթական անգամ կրկնեց, թէ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը կողմերու հետ բանակցութիւնները կը շարունակէ՝ Լաչինի միջանցքի բացումը ապահովելու նպատակով։