ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ… ԲԱՅՑ… ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ…

...Ասում է՝ գնացին տեսան Մոլլան մի վարար ջրի ափին նստած սպասում է: Ասին՝ ընչի ես սպասում:

-Թէ՝ սպասում եմ գետն անց կենայ, որ յետոյ ես անց կենամ: Ճիշդ էսպէս. Մենք էլ սպասում ենք՝ էս ժամանակն անց կենայ, որ մեր ուզած կեանքով ապրենք... ու շարունակ սպասում ենք...

Յովհաննէս Թումանեան

Ճիշդ է, որ շատերուն համար աւագ սերունդին մաս կը կազմեմ, բայց չկարծուի, որ երեսի վրայ ձգուած անցքի կը նմանիմ: Երբե՛ք: Շատ յաճախ փոխան բառերու՝ լռութեամբ խօսած եմ եւ տակաւին կը խօսիմ: Անկեղծօրէն նաեւ աւելցնեմ, որ շատերու համար կրկնութիւն պիտի թուին ըլլալ այս տողերը, որովհետեւ արդէն ասկէ առաջ եւ, ամէն առիթներով, առատօրէն ամէն բան ըսած եմ: Բայց հոգս չէ:

Նախաբանս կարճ կապելով՝ միտքս պարզեմ.

Այս օրերուն ցաւալի է տեսնել, թէ հայրենի օրուան արեւն նոյնիսկ, չունի իր նախկին հմայքը: Օրերը, դէպքերը, պատահարները բերեր ու տարեր են իրենց հետ մեր երկրին երանաւէտ ու հեշտալի խաղաղութիւնը, զարմանք պատճառելով բոլորիս:

Այլ խօսքով, մեր հայրենիքը կորսնցուցած է իր ներքին անդորրութիւնը, հոգեկան իր խաղաղութեան կողքին: Աշխարհը կրնայ վկայել: Բայց, ինչ որ մեր մօտ տեղի կ՚ունենայ, բոլորիս համար կը բանայ անհամար հարցումներու դռները:

Ինչո՞ւ այս վիճակը... եւ մանաւանդ՝ մինչեւ ե՞րբ այս կացութիւնը... ի՞նչ բանի կը սպասենք...:

Ու բոլորին նման, տեսակ մը ներքին վախով, անհամար հարցումներ ես ալ ունիմ: Կ՚ուզեմ հարցնել պարզ, անկեղծ եւ յստակ: Սակայն հոգիս կարծես անժամանակ երկիւղով մը պաշարուած ըլլայ: Թերեւս բոլոր հարցումներուն պատասխանները չգտնեմ եւ կամ չունենամ: Բայց եւ այնպէս, ինծի համար կարեւորն ու էականը՝ նման մտածումները իրենց խորքով բանալն է:

Տխուր ազգ ենք.- կը կրկնեմ, որովհետեւ հայու օրերը աւելցած են զսպուած հառաչներով, որոնք երբեմն արցունքներ կը ցանեն մեր այտերուն: Պէտք է գիտնանք, որ մեր ամենամեծ թշնամին ո՛չ թէ մեր անմխիթար կացութիւնն է, այլ՝ յուսահատութիւնը եւ մեր կորսնցուցած ժպիտը:

Յիշենք.- բոլոր ժողովուրդներն ալ ունեցած են յաղթանակ եւ պարտութիւն, բայց ազգը իր նկարագրով, իր կամքով եւ միասնակութեամբ կրցած է յաղթահարել:

Նաեւ յիշենք, տակաւին անցեալ տարուան ընթացքին էր, երբ կրկին սովորական եւ անսովոր խուճապներով ապրեցանք: Վտանգաւոր պահեր մեզի ստիպեցին, որ տժգունինք: Փորձեցինք մեր դիմագրաւած դէպքերը վերլուծել, զննել եւ, ամէն անգամ դժբախտաբար, ստիպուած եղանք հիւանդոտ միտքերով արտայայուիլ:

Ահա ո՞վ էինք մենք, ամբողջ տարի մը:

Որովհետեւ մեզի համար ամէն «բան» յստակ չէր: Անորոշ եւ վախազդու կացութիւն: Ուստի քիչ մը շատ երկար մտածեցինք: Անդորրութիւն եւ խաղաղութիւն մուրացինք:

Բոլորս ալ սրտանց աղօթեցինք ու անհամբեր սպասեցինք խաղաղութեան այդ ճերմակ աղաւնիի վերադարձին: Անոր խապրիկին: Անոր բարի գալուստին: Որովհետեւ կ՚ուզէինք, որ մեզի համար հայրենի կեանքին յատուկ նոր էջ մը բացուէր:

Ու միամտաբար կը կարծէինք, որ ճանչցած էինք մեր իրականութիւնը: Բայց ի յայտ եկած էր, որ ազգովին, տակաւին մեծամոլութենէ կը տառապէինք, որովհետեւ մեր ազգային գիտակցութիւնը տեղի տուած էր:

Ու կրկին ինկանք բազմազան եւ վտանգաւոր մտածումներու գիրկը:

Երազեցինք, թէ ինչպէ՞ս պիտի վերագտնէինք մեր հայրենիքի կորսուածը: Անկեղծօրէն ըսելով, բոլորիս համար ալ մեր հայրենիքը հասարակ շուկայ մը չէր, այլ՝ սրբազան գաղափար: Յաւիտենական իրականութիւն: Պետականութիւն ունեցող պապենական հողատարածք:

Ու կը գիտակցէինք, որ մեր պետութեան տեւականութիւնը օտարէն կախեալ պէտք չէր որ ըլլար, այլ՝ մեզմէ: Չէինք ուզեր աշխարհին նայիլ մորթուած գառնուկի աչքերով: Մեզի վայել չէր եւ չէ...:

Ուստի, հաստատեցինք, որ մեզի ազգային նոր առաքելութիւն էր պէտք: Ու իբրեւ մեր կեանքի նոր բանալին, ազգային շունչով օծուն՝ ղեկավարութիւն: Որովհետեւ այլեւս «կուռքեր» ստեղծելու ժամանակը, շատոնց անցած էր:

Շատ տխուր եւ ցաւալի պիտի ըլլար, եթէ իրապէս չճանչնայինք մեր ներկայ իրականութիւնը: Ճիշդ է, որ բոլորս միասին շալկեցինք եւ տակաւին 44-օրեայ դաժան պատերազմի ամբողջ ծանրութիւնը, վիշտը, սուգն ու ցաւը, որոնք անխտիր լեցուցին մեր հոգիները, սակայն ամէն բան պատահականութեան պէտք չէր ձգէինք:

Մեզի համար կարեւոր եւ էական էր, որ ծանօթ եւ անծանօթ ձեռքերով, մեր յոյսերը չմորթուէին: Պատմութենէն «բան» չսորվեցանք: Դասեր չկրցանք քաղել: Դժբախտաբար:

Ուրեմն ժամանակն է, որ վերագտնենք մենք զմեզ: Չենք ուզեր մեր երկիրը ուրիշներու դռներուն առջեւ, իբրեւ անտունի կամ մուրացկան պտտի: Մեր կեանքը, պէտք է տրոփէ մեր սիրտը:

Ու եթէ կ՚ուզենք անպայման մեր երազին յաղթել, նաեւ կը կարծեմ պայման է, որ մեր թերութիւններու մասին խօսինք եւ քաջութիւնը ունենանք զանոնք սրբագրելու: Այլապէս, կրնանք մեծապէս տուժել: Ամէն «բան» բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին չձգենք:

Ա՛լ հերիք է ներկայ այս ձեւապաշտ վիճակը: Մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասենք, որ փոխուինք... եւ մանաւանդ զգաստանանք:

Ժամանակն է դուրս գալ անկէ: Միշտ հրապոյր եւ հաճոյք չփնտռենք: Ստեղծենք յարմարագոյն եւ օգտաշատ մթնոլորտ մը, մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը հետաքրքրող եւ ներառող:

Հաւատացէ՛ք, էականը այս բոլորին՝ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն կողմէ ընկալումն է:

Սփիւռքը՝ Հայաստանին եւ Հայաստանը՝ սփիւռքին համար.- ասիկա՛ էր հայութեան մէկութիւնը արտայայտող լոզունգը: Ամէն անգամ եւ ամէն առիթով կրկնած էինք այս տողերը: Բայց...:

Ու անոր համար, տակաւին ազգովին եւ անհամբեր կը սպասենք մեր երկրի խաղաղութեան ճերմակ աղաւնիի վերադարձին, միշտ յուսալով, որ ան իր հետ մեզի պիտի բերէ նոր եւ դրական օրեր եւ մեզի պիտի պարգեւէ վերապրելու ամէն յոյս եւ ամէն սէր:

Կը սպասենք... բայց ըսէ՛ք, կը խնդրեմ... մինչեւ ե՞րբ...:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2023