ԲԱՑ ՀԱՐՑԵՐ…

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր կը ժամանէ Թուրքիա՝ մասնակցելու համար Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Ան արդէն երկրորդ անգամ կը մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Առաջին անգամ 2022 թուականին Միրզոյեան եկած էր Անթալիա, ուր երկկողմանի հանդիպում մըն ալ ունեցած էր այդ ժամանակուան արտաքին գործոց նախարարին՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Ամենայն հաւանականութեամբ այս անգամ ալ Միրզոյեան հիւրընկալուի արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։ Արդարեւ, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդած են, որ նախարարը ֆորումին մասնակցելու առընթեր կ՚ունենայ շարք մը երկկողմանի տեսակցութիւններ։ Անգարայի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցած են, որ Հաքան Ֆիտան ֆորումի շրջանակներէն ներս կը նախատեսէ ունենալ շուրջ երեսուն երկկողմանի տեսակցութիւն։

Արարատ Միրզոյեանի ընկերակից պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու մէջ հայկական կողմի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Միրզոյեանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան եւ այլ խորհրդականներ։

Հարկ է նշել, որ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին կը մասնակցին նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, նախատեսուած են հանդիպումներ Ֆիտան-Լաւրով եւ Լաւրով-Պայրամով ձեւաչափով։

Արարատ Միրզոյեան Անթալիա ժամանելէն անմիջապէս առաջ, երէկ, աւարտեց Ճէյհուն Պայրամովի հետ իր երկօրեայ բանակցութիւնները, որոնք կազմակերպուած էին Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի տանտիրութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրները երկօրեայ բանակցութիւններու աւարտին շատ սահմանափակ հաղորդումներ կատարեցին։ Այսպէս, պատուիրակութիւնները քննարկեցին Երեւան-Պաքու խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ երկկողմանի համաձայնագրի նախագծի դրոյթներու տեսակէտները։ Փոխադարձ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ բանակցութիւնները շարունակելու համար բաց մնացած հարցերուն շուրջ։ Այցելութեան ընթացքին Միրզոյեան, Պերպոք եւ Պայրամով ունեցան ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ եռակողմանի ձեւաչափով հանդիպումներ։ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պերպոքին՝ բանակցութիւնները հիւրընկալած ըլլալու համար։

Իր կարգին, Աննալենա Պերպոքն ալ Պերլինի երկօրեայ բանակցութիւններու աւարտին ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կ՚երթան խաղաղութեան պայմանագրի խիզախ ու միեւնոյն ժամանակ դժուարին ճանապարհով։ «Մենք՝ որպէս կառավարութիւն, կ՚աջակցինք հաշտութեան բանակցութիւններուն, ուր որ սա հնարաւոր է, որպէսզի վէրքերը բուժուին եւ մարդիկ խաղաղութիւն գտնեն։ Ճանապարհի իւրաքանչիւր մեթրը նշանակութիւն ունի», համոզուած է ան։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024