ՊԱՐՏԻԶՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ

Անգլիոյ Թագաւորական պարտիզագործական ընկերութեան կողմէ իրականացուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ պարտիզպանութեամբ զբաղող երեխաները աւելի յաջող եւ խելացի են՝ քան միւսները։ Ըստ հետազօտութեան արդիւնքներուն, դպրոցական կամ բնակարանի պարտէզներու մէջ պտուղ, բանջարեղէն, ծաղիկ կամ ծառ աճեցնող երեխաներու դպրոցական եւ ընկերային յաջողութիւնը աւելի զարգացած է՝ բաղդատմամբ այլ երեխաներու։ Նոյն հետազօտութիւնը փաստած է, որ պարտիզպանութեամբ զբաղող երեխաները աւելի յաջող են գրագիտութեան, թուաբանութեան մէջ եւ աւելի հմուտ են ընկերային կեանքէ ներս։

Սոյն հետազօտութեան համար գիտնականները համագործակցած են զանազան դպրոցներէ շուրջ 1300 ուսուցիչի հետ։ Հետազօտութեան արդիւնքները պարզած են նաեւ, որ պարտիզագործութեամբ զբաղող երեխաները աւելի հարուստ բառապաշար ունին, աւելի լաւ գիտեն սնունդի արտադրութեան մասին եւ աւելի ինքնավստահ են։

Ըստ մասնագէտներու, այս բոլոր բարիքներու պատճառն է երեխաներու հողին հետ շփումը։ Հողը կը վերացնէ մարմնի բոլոր բացասական ուժը եւ այսպիսով անոնք աւելի ինքնավստահ ու հաստատ քայլեր կ՚առնեն իրենց կեանքին մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024