ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԵՒ ՏՄԱՐԴԻ

Բո­վան­դակ Թուր­քիան ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ ա­նի­ծեց ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, երբ ա­րիւ­նա­լի եւ տմար­դի դէպք մը յե­ղաշր­ջեց երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Իս­թան­պու­լի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տին մէջ ապ­րուած­նե­րը ա­հու­սար­սափ պատ­ճա­ռե­ցին հան­րա­յին կար­ծի­քին։ Դա­տա­խազ Մեհ­մէտ Սե­լիմ Քի­րազ ութ ժա­մուան գե­րե­վա­րու­թե­նէ վերջ նա­հա­տա­կուե­ցաւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ։ Անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը այս առ­թիւ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին գոր­ծո­ղու­թիւն մը, ո­րով սպան­նուած վի­ճա­կի մէջ ձեռք ան­ցուե­ցան նաեւ այն եր­կու ա­հա­բե­կիչ­նե­րը, ո­րոնք տե­ղի տուին այս դէպ­քին։

Չաղ­լա­յա­նի մէջ ե­րէկ ապրուած­նե­րը իս­կա­պէս անն­կա­րագ­րե­լի էին։ Դէպ­քը սկսաւ ժա­մը 12.36-ի դրու­թեամբ։ Փաս­տա­բա­նի հան­դեր­ձան­քով եր­կու ա­հա­բե­կիչ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լատ մուտք գոր­ծեց՝ խու­զար­կու­մէ ձեր­բա­զատուած ձե­ւով։ Ա­հա­բե­կիչ­նե­րը բարձ­րա­ցան դա­տա­խազ Մեհ­մէտ Սե­լիմ Քի­րա­զի վե­ցե­րորդ յար­կի աշ­խա­տա­սե­նեա­կը։ Հարկ է նշել, որ այս դա­տա­խա­զը կը զբա­ղէր Պեր­քին Էլ­վա­նի դէպ­քին հար­ցաքն­նու­թեամբ։ Ամ­բողջ ութ ժամ ան դի­մադ­րեց՝ փոր­ձե­լով հա­մո­զել ա­հա­բե­կիչ­նե­րը։ Ըն­թաց­քին Պեր­քին Էլ­վա­նի հայ­րը՝ Սա­մի Էլ­վանն ալ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լատ եր­թա­լով փոր­ձեց ա­պա­հո­վել ա­րար­քի դադ­րե­ցու­մը, սա­կայն չյա­ջո­ղե­ցաւ։ Ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն, երբ դա­տա­խա­զի գե­րե­վա­րուած սե­նեա­կէն լսուե­ցան կրա­կոց­ներ, ա­պա­հո­վու­թեան ու­ժե­րը ան­մի­ջա­պէս ներ­խու­ժե­ցին եւ ապ­րուե­ցաւ շուրջ 20 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ բա­խում մը։ Ա­հա­բե­կիչ­նե­րը սպաննուե­ցան, դժբախ­տա­բար դա­տա­խազն ալ նա­հա­տա­կուե­ցաւ դէպ­քին հե­տե­ւան­քով։

Ա­հա­բեկ­չա­կան այս ա­րար­քէն վերջ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Պուք­րէ­շի մէջ անդ­րա­դար­ձաւ այս լուրջ դէպ­քին։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ յայտ­նեց, թէ յար­ձա­կու­մը գոր­ծուած է թուրք ար­դա­րա­դա­տու­թեան վրայ։ Ըստ ի­րեն, պէտք է քա­ղա­քա­կան տար­բեր հա­յեացք­նե­րը մէկ կողմ թո­ղուլ եւ ուս ու­սի տալ։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րեա­կին նման խա­փա­նա­րա­րա­կան դէպ­քե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը միշտ ե­ղած է։ Ուս­տի, Տա­վու­տօղ­լու ուղ­ղեց միաս­նա­կա­նու­թեան կոչ։

Ազգային մեծ ժողովի նա-խագահ Ճեմիլ Չիչէքն ալ յայտնեց, որ սա մարդկու­թեան դէմ յանցագործութիւն մըն է։

ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քե-մալ Քըլըչտարօղլուն ալ աչա-լըրջութեան կոչ ուղղեց, որ-պէսզի դէպքին հետեւանք­նե­րը ա՛լ աւելի չծանրանան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2015