ԲԱՆԱԿԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԼՈՒՐՋ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ։ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ գլխաւորուած ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութեան ի պատիւ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւաքոյթի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուած բազմաթիւ բարեգործական ծրագրերու շնորհիւ ՀԲԸՄ իւրայատուկ կամուրջ մը դարձած է Մայր Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Ընդգծուեցաւ, որ ՀԲԸՄ ազգապահպան ու հայրենանուէր գործունէութեամբ 20-րդ դարասկիզբէն ի վեր կը շարունակէ մնալ բարեգործական, կրթամշակութային ու հասարակական գործունէութեան ծաւալման դրօշակիրը։ Իր կարգին, Պերճ Սեդրակեանն ալ կարեւորեց Սփիւռքի աջակցութիւնը բանակաշինութեան։ Ան խօսեցաւ ՀԲԸՄ-ի ծաւալած գործունէութեան առանցքային ուղղութիւններուն շուրջ եւ աւելցուց, թէ կազմակերպութեան ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուին յատկապէս Հայաստանի ռազմակրթական համակարգի առաւել զարգացման միտուած ծրագրերը։
Նախարար Սէյրան Օհանեան ՀԲԸՄ-ը պարգեւատրեց Հայաստանի զինեալ ուժերու զինանշանով։ Պերճ Սեդրակեանն ալ Սէյրան Օհանեանին յանձնեց ՀԲԸՄ-ի ոսկէ մետայլը։