ԷՐՏՈՂԱՆ ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԷ ՎԵՐՋ ԱՆՑԱՒ ՊՈՒՔՐԷՇ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր աւարտին կը հասցնէ իր պաշտօնական այցելութիւններու շարքը՝ դէպի Եւրոմիութեան անդամ երեք երկիրներ։ Այսպէս, Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւայի մէջ երէկ ունեցած շփումներէն վերջ Էրտողան անցաւ Պուքրէշ, ուր այսօր կը հիւրընկալուի Ռումանիոյ ղեկավարութեան կողմէ։
Էրտողան երէկ Պրաթիսլաւայի մէջ տեսակցեցաւ Սլովաքիոյ Նախագահ Անտրէյ Քիսքայի հետ։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, թէ Թուրքիա եւ Սլովաքիա ունին կամք՝ համաշխարհային մակարդակի վրայ համագործակցութիւն իրականացնելու համար։ Օրուան ընթացքին Էրտողան մէկտեղուեցաւ նաեւ Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Փեթէր Փելեկրինիի եւ Վարչապետ Ռոպէրթ Ֆիքոյի հետ։
Բանակցութիւններու ընթացքին երկկողմանի կապերուն առընթեր շօշափուեցան նաեւ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։