ՆՈՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սե­փա­կան լրա­տուու­թիւն.-

Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, վեր­ջին օ­րե­րուն Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. Հե­տա­զօ­տու­թեան 100 տա­րին» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վի լոյ­սին տակ ե­րե­ւան ե­կան ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ նոր յանձ­նա­ռու­թիւն­ներ։

Ֆրան­սա­յի Ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու հե­տա­զօ­տու­թեանց բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փիէռ Սի­րիլ-Օտ­քէօր նշեց, որ իր հաս­տա­տու­թիւ­նը ստանձ­նած է պատ­մա­կան դեր մը եւ իր մօտ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ե­րե­ւոյ­թին վրայ աշ­խա­տանք կը տա­նին բազ­մա­թիւ պրպտող­ներ։ Ըստ վե­րա­տե­սու­չին, ի­րենց մօտ այս հար­ցը ըն­կե­րա­բա­նա­կան, մար­դա­բա­նա­կան եւ ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու բա­զում ճիւ­ղե­րու զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րով նկա­տի կ՚առ­նուի։

Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նէն Փրոֆ. Էտ­հէմ Էլ­տէմն ալ մատ­նան­շեց, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ պատ­մագ­րու­թիւ­նը վեր­ջին շրջա­նին զա­նա­զան պատ­մագ­րու­թիւն­նե­րու հա­մադ­րու­թիւ­նը կը ցո­լաց­նէ, ինչ որ ա­պա­գա­յի տե­սա­կէ­տէ լա­ւա­տես տե­սան­կիւն մը կ՚ըն­ձե­ռէ։ Ան հա­մո­զուած է, թէ ու­րաց­ման դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է հաս­նիլ այն­պի­սի պատ­մագ­րու­թեան մը, որ կը պար­փա­կէ նաեւ օս­մա­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը։ Էլ­տէ­մի հա­մոզ­մամբ, օս­մա­նա­կան պատ­մագ­րու­թեան ոչ-իս­լամ­նե­րու կեր­պա­րի հար­ցաքն­նու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է։ Նոյն­քան անհ­րա­ժեշտ է նաեւ «լաւ հա­յու» վե­րա­բե­րեալ կեր­պար­նե­րուն հար­ցաքն­նու­մը, այ­լա­պէս ու­րաց­ման ուղ­ղեալ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը խրա­խու­սուին։

Քա­ղա­քա­գէտ Ճե­նի­ֆըր Տիք­սըն բաղ­դա­տու­թիւն մը ը­րաւ Թուր­քիոյ եւ Ճա­բո­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին եւ Նան­ժին­կի սպանդ­նե­րու (1931-1945) օ­րի­նակ­նե­րուն վրա­յով։ Ան փոր­ձեց մեկ­նա­բա­նել, թէ պե­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­բեր­մուն­քի փո­փո­խու­թեան եւ շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ի՞նչ են։ Ներ­քին կամ ար­տա­քին ճնշում­նե­րու ազ­դե­ցու­թեամբ պե­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­բեր­մուն­քը թէեւ կը փո­խուի, սա­կայն ազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րը միշտ ալ ի զօ­րու են բնո­րո­շե­լու հա­մար այդ փո­փո­խու­թեան ժամ­կէ­տը, բո­վան­դա­կու­թիւ­նը եւ ուղ­ղու­թիւ­նը։ Փո­փո­խու­թիւ­նը բա­զում չա­փում­նե­րով գոր­ծըն­թաց մըն է եւ ըստ Տիք­սը­նի, փո­փո­խու­թե­նէն վերջ զա­նա­զան խա­ւե­րու տար­բեր վե­րա­բեր­մունքնե­րը կը սկսին հա­մա­տեղ գո­յա­տե­ւել։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2015