ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ԺՈՂՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին բա­ժան­մունք­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն հա­մա­ժո­ղո­վը այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը ե­րէկ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս­պէս, ա­նոնք ըն­դու­նուե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Հիւր խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան յայտ­նեց, որ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի բար­ձուն­քէն հայ ժո­ղո­վուր­դի հետ «այ­լեւս եր­բեք»ի կոչ պի­տի հնչեց­նեն բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ, նե­րա­ռեալ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ։

Իր կարգին, Եդուարդ Նալպանտեանն ալ ընդգծեց, որ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման դէմ պայ-քարը կը շարունակէ մնալ հրամայական մը։

 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2015