ԱՐՏԱՅԱՆՁՆՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ
Պելժիոյ դատական իշխանութիւնները որոշեցին Սալահ Ապտիւսսելամը արտայանձնել Ֆրանսայի։ Ինչպէս ծանօթ է, Ապտիւսսելամ 13 Նոյեմբեր 2015-ին Փարիզի մէջ պատահած ահաւոր ահաբեկչական յարձակումներու գլխաւոր հեղինակներէն մին էր։ Ան վերջերս Պրիւքսէլի մէջ ձերբակալուած էր վիրաւորեալ վիճակի մէջ։ Իր ձերբակալուելէն վերջ հաղորդուած էր, թէ ենթական կը փափաքի համագործակցիլ Պելժիոյ իրաւապահ մարմիններուն հետ ու չ՚ուզեր արտայանձնուիլ Ֆրանսա։ Աւելի վերջ վրայ հասած էին Պրիւքսէլի ահաւոր ահաբակչական դէպքերը։
Ներկայիս Պելժիոյ եւ Ֆրանսայի իշխանութիւնները կը պատրաստուին համատեղ որոշումներ առնել՝ արտայանձնումը կազմակերպելու համար։