ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տան-Հնդկաս­տան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին եօթ­նե­րորդ նիս­տը։ «Ար­մե­նիա Մա­րիոթ» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ժո­ղով­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ա­ռեւ­տու­րի, տնտե­սա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու, գի­տու­թեան, կրթու­թեան եւ մշա­կոյ­թի բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին նիս­տը ա­ւար­տին կը հաս­նի ամ­փո­փիչ փաս­տա­թուղ­թի մը ստո­րագ­րու­թեամբ։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016