ԴԻՄԱԿԱՅԵԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւէրին ընդառաջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ՝ մասնակցելու համար Միջուկային անվտանգութեան չորրորդ գագաթաժողովին։ Այս շրջագծով Սերժ Սերգսեան երէկ Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան եւ Ճօ Պայտըն գրեթէ տարի մը առաջ՝ 7 Մայիս 2015-ին դարձեալ տեսակցած էին Ուաշինկթընի մէջ՝ տեղւոյն Մայր տաճարի երդիքին տակ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով կազմակերպուած միջկրօնական աղօթքին առթիւ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սպիտակ տան մէջ երէկ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները երկուստեք ընդգծեցին, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր երկկողմանի յարաբերութիւնները մշտապէս վերընթաց զարգացում կ՚ապրին համատեղ ջանքերու ու փոխադարձ քաղաքական կամքի շնորհիւ։ Սարգսեան եւ Պայտըն գոհունակութեամբ մատնանշեցին, որ ներկայիս երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը կը ներառնէ բազմաբնոյթ ոլորտներ՝ քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական, անվտանգութեան, որոնց շրջանակներէն ներս ամէն տարի երկու երկիրները կ՚արձանագրեն նոր ձեռքբերումներ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի համոզմամբ, փոխադարձ ջանքերու շնորհիւ հայ-ամերիկեան գործընկերութիւնը այժմ կը գտնուի երկկողմանի յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Վերջին տարիներու զանազան մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները վկայութիւն մը կը համարուին այս առումով։ Ան բարձր գնահատեց ԱՄՆ-ի օժանդակութիւնը՝ ուղղուած Հայաստանի տնտեսական զարգացման, զանազան ոլորտներէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն։ Սարգսեան մեծապէս կարեւորեց նաեւ ԱՄՆ-ի դերակատարութիւնը տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ, յատկապէս՝ ամերիկեան կողմէ աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։
Հանդիպման տեւողութեան բացի հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգէն, անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային իրավիճակին, միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն։ Այս ամբողջին մէջ զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային զարգացումներուն շուրջ։
Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սթափեցնելու գործին մէջ հայկական կողմը կ՚ապաւինի միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս համանախագահ երկիրներու աշխոյժ միջամտութեան՝ ձեռնարկելու համար գործօն քայլերու, որովհետեւ անոնք կրնան փոփոխութիւն մը ապահովել։ Նախագահ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնեց ԱՄՆ-ի գոնկրէսականներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ աշխոյժ ջանքերուն համար։ Սարգսեան համոզուած է, թէ գոնկրէսականներուն կողմէ առնուած քայլերը կրնան օրինակելի ըլլալ այլ բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարանականներուն տեսակէտէ։
Միեւնոյն ժամանակ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ խիստ մտահոգութիւն կը տիրէ երկրի անմիջական հարեւանութեան ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութեան հետեւանքով եւ այդ բոլորը կը դատապարտուին խստօրէն։ Ան ցաւով անդրադարձաւ, որ վայրագութիւններու հետեւանքով կը սպաննուին եւ փախստական կը դառնան նաեւ Իրաքի կամ Սուրիոյ բնակիչ բազմաթիւ հայեր, կը վնասուին եւ կ՚ոչնչացուին տարածքաշրջանէ ներս բազմադարեան հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան նմոյշները։
Իր կարգին, Ճօ Պայտըն բարձր գնահատեց Հայաստանի ջանքերը՝ Սուրիայէն մեծ թիւով փախստականներու ապաստան տալու եւ սուրիահայոց համար կենսագործունէութեան հնարաւոր պայմաններ ստեղծելու բերումով։
Զրուցակիցները յոյս յայտնեցին, որ Միջին Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններու խնդիրները լուծելու, քրիստոնէական համայնքներու վերադարձը խթանելու, անոնց բազմադարեան մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը պահպանելու նպատակով գործօն ու արդիւնաւէտ դրութիւններ պիտի մշակուին։ Սերժ Սարգսեան եւ Ճօ Պայտըն նաեւ վստահութիւն յայտնեցին, թէ համատեղելով ջանքերը՝ հնարաւոր պիտի ըլլայ դիմակայել առկայ մարտահրաւէրները։