Թոքիոյի Մէջ Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ իրականացած է հայկական մշակոյթի շաբաթ, որուն ընթացքին տեղի ունեցած են բազմաբնոյթ ձեռնարկներ՝ հայ եւ ճաբոնցի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ:
Շաբաթը մեկնարկած է «Տայկանեամա Հիլսայտ թերաս» սրահներու համալիրին մէջ, ուր Ճաբոնի «Շոքակա» միութիւնը ներկայացուցած է հայաստանեան պատկերներով ճաբոնական գեղագրութեան արուեստը, ցուցադրուած են հայ ձեւաւորող, նկարիչ Արեւ Պետրոսեանի եւ ճաբոնցի գեղանկարիչ Մակոթօ Մաէտայի աշխատանքները:
Շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած են Արաքս Մանսուրեանի մենահամերգը՝ ճաբոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպայի նուագակցութեամբ, ինչպէս նաեւ հայ եւ ճաբոնցի երաժիշտներու՝ դասական երաժշտութեան համատեղ համերգներ: Ձեռնարկներու ծիրէն ներս կայացած են նաեւ հայկական եւ ճաբոնական շարժապատկերներու ցուցադրութիւններ:
Մշակոյթի շաբաթը կազմակերպած էր Ճաբոնի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը՝ Ճաբոնի արտաքին գործոց նախարարութեան, Ճաբոնի Միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA), համայնքային կառոյցներու, Կոմիտաս միութեան, «Կալերի Կինզա Իչոմէ» եւ այլ ընկերութիւններու աջակցութեամբ: