ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Ո­ւա­շինկ­թը­նի Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան չոր­րորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը այս օ­րե­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի տան­տի­րու­թեամբ հա­մախմ­բած է աշ­խար­հի բա­զում եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը։ Այս շրջագ­ծով Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ ներ­կա­յիս կը գտնուի Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, ուր Սպի­տակ տան եր­դի­քին տակ ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան-Օ­պա­մա զրոյ­ցի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ թուրք-ա­մե­րի­կեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի եւ գաղ­թա­կա­նաց ա­ռանցք­նե­րուն շուրջ։ Հարկ է նշել, որ Պա­րաք Օ­պա­մա ե­րէկ Սպի­տակ տան մէջ ընթ­րիք մը սար­քեց ի պա­տիւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան չոր­րորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից ղե­կա­վար­նե­րուն։ Այդ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քէն ան­մի­ջա­պէս վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Էր­տո­ղան-Օ­պա­մա տե­սակ­ցու­թիւ­նը։ Զրոյ­ցէն վերջ հրա­պա­րա­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման ոչն­չաց­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րուն։ Պա­րաք Օ­պա­մա Տիար­պա­քը­րի ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ վշտակ­ցու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Էր­տո­ղա­նին։ Ան վե­րա­հաս­տա­տեց ա­մե­րի­կեան կող­մին զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ ի նպաստ Թուր­քիոյ անվ­տան­գու­թեան եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ հա­սա­րա­կաց պայ­քա­րին։ Էր­տո­ղան եւ Օ­պա­մա տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կած են, թէ ինչ հաս­ա­րա­կաց ջան­քեր կրնան գոր­ծադ­րել՝ Ի­ՇԻՊ-ի նա­հան­ջը եւ ոչն­չա­ցու­մը ա­պա­հո­վե­լու ճա­նա­պար­հին։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ԱՄՆ-ի ղե­կա­վա­րու­թեան յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րուն հետ տե­սակ­ցե­լու ա­ռըն­թեր հար­ցազ­րոյց մըն ալ տուաւ CNN հե­ռուս­տա­կա­յա­նին։ Այս­պէս, Էր­տո­ղան պա­տաս­խա­նեց CNN-ի յայտ­նի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Քրիս­տիան Ա­ման­փու­րի հար­ցում­նե­րուն։ Այս առ­թիւ ան շեշ­տեց, թէ Թուր­քիա ա­ռան­ձին մնա­ցած է ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին շրջագ­ծով։ Էր­տո­ղա­նի դի­տար­կում­նե­րով՝ Եւ­րո­պա­յի բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ չեն կրցած ըմբռ­նել ա­հա­բեկ­չա­կան սպառ­նա­լի­քը ու բա­ւա­րար պայ­քար չեն մղեր։ Էր­տո­ղան յի­շե­ցուց, որ ճի­հա­տա­կան­նե­րը Եւ­րո­պա­յէն Սու­րիա մեկ­նած են։ Պա­տաս­խա­նե­լով Պրիւք­սէ­լի յար­ձա­կում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցու­մի մը՝ Էր­տո­ղան դի­տել տուաւ, թէ Պել­ժիա եւ Հո­լան­տա նախ եւ ա­ռաջ պէտք է հասկ­նան, թէ ի՛նչ է ճի­հա­տը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը շեշ­տեց նաեւ, թէ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րը ա­ռան­ձին թո­ղած են Թուր­քիան եւ Ան­գա­րա­յի ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը չեն ար­դա­րա­ցած՝ լրա­քա­ղու­թեան տուեալ­նե­րու փո­խա­նակ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Էր­տո­ղան կանգ ա­ռաւ նաեւ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րին վրայ եւ ընդգ­ծեց, թէ Թուր­քիա վճռա­կան է այս ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, թրքա­կան կող­մը նոյն վճռա­կա­նու­թիւ­նը կ՚ակն­կա­լէ նաեւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէն։

Այլ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց, թէ ա­մե­րի­կեան կող­մը թոյլ չի տար Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խան­գար­ման։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան-Օ­պա­մա զրոյ­ցը տե­ւեց շուրջ 50 վայր­կեան։

ԳՈՐ­ԾԱ­ՐԱՐ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ

Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ Էր­տո­ղան մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ թուրք եւ ա­մե­րի­կեան գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րէն յա­ռա­ջա­տար ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ։ Այս առ­թիւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի ա­մե­րի­կեան մե­ծա­գոյն ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը ներդ­րում­ներ կա­տա­րեն Թուր­քիոյ մէջ։ Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա ներդ­րող­նե­րու կող­մէ գե­րա­դա­սուած ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րով, զօ­րա­ւոր ու կա­յուն եր­կիր մըն է։ Իր խօս­քե­րով, ցարդ Թուր­քիոյ մէջ ներդ­րում­ներ կա­տա­րած ըլ­լա­լու հա­մար զղջա­ցած կամ ի­րա­ւուն­քի ներ­հակ գոր­ծադ­րու­թիւն­նե­րու են­թար­կուած ո­րե­ւէ գոր­ծա­րար գո­յու­թիւն չու­նի։

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016