ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի հետ։ Հարկ է նշել, որ Նալպանտեան Ուաշինկթընի մէջ կը գտնուի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ՝ մասնակցելու համար Միջուկային անվտանգութեան չորրորդ գագաթաժողովին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման հնարաւորութիւններուն շուրջ։
Եդուարդ Նալպանտեան ամերիկացի համանախագահին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի շարունակական խախտումներուն վրայ։ «Պաքու, անտեսելով համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահութեան յատուկ ներկայացուցիչին համատեղ կոչը՝ կրօնական տօներու օրերուն հանդարտութիւն պահելու շուրջ, աշխուժացուցած է հրադադարի կոպտագոյն խախտումները Սուրբ Զատկի սեմին եւ օրերուն։ Ատրպէյճանի նման սադրանքները դարձած են օրինաչափութիւն։ Նոյնը կը կատարուի նաեւ բանակցային գործընթացին մէջ։ Եթէ նախապէս Պաքու զանազան միջոցներով կը խոչընդոտէր բանակցութիւնները, կը փորձէր հարցը տեղափոխել այլ հարթակներ, ապա այժմ, հաւանաբար, տեսնելով իր քայլերու անարդիւնաւէտութիւնը, ոչինչ կրցած է յօրինել, քան Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպումէն հրաժարիլը», ըսաւ Նալպանտեան։
Ուորլիքի հետ զրուցելու ընթացքին Նալպանտեան շեշտեց, որ այս երեւոյթը անշուշտ բանակցային գործընթացին եւ համանախագահներուն վրայ ճնշում գործադրելու հերթական ապարդիւն փորձն է։
Հարկ է նշել, որ Ուաշինկթընի մէջ այս օրերուն վերոյիշեալ գագաթաժողովին կը մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Իր շփումներն ալ առիթ կը հանդիսանան զանազան մակարդակներու վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քննարկման։