ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. ԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ե­րէկ տմար­դի յար­ձա­կում մը ի­րա­կա­նա­ցուց Տիար­պա­քը­րի Պաղ­լար գա­ւա­ռա­կին մէջ։ Ժա­մը շուրջ 17.00-ին, ճա­նա­պար­հին վրայ զե­տե­ղուած ռում­բի մը հե­տե­ւան­քով յար­ձակ­ման են­թար­կուե­ցաւ զրա­հա­պատ մի­նի­պիւս մը, որ կը փո­խադ­րէր ոս­տի­կան­ներ։ Այս դէպ­քին հե­տե­ւան­քով եօթ ոս­տի­կան նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Տաս­նե­րեք ոս­տի­կան­ներ եւ տասն­չորս հայ­րե­նա­կից­ներ ալ վի­րա­ւո­րուե­ցան ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով։ Պայ­թու­մին ազ­դե­ցու­թեամբ վնաս կրե­ցին մեր­ձա­կայ շէն­քերն ու միջ­քա­ղա­քա­յին օ­թօ­պիւ­սի կա­յա­րա­նը։

Բաց աս­տի, ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ող­բեր­գա­կան լու­րեր հա­սան նաեւ երկ­րի այլ շրջան­նե­րէն։ Եիւք­սէ­քօ­վա­յի մէջ ոս­տի­կան մը, իսկ Նու­սայ­պի­նի մէջ եր­կու զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ՝ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու հե­տե­ւան­քով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016