Հինգշաբթի 9, Յունուար 2025
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՅԱԲՆԱԿ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՎԻՃԱԿԸ ԱՆՓՈՓՈԽ
Երէկուան տեղեկան ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գրեթէ փոփոխութիւն մը չբերին թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Իսթանպուլի առաւել հայաբնակ շրջաններուն մէջ քաղաքապետարաններէ ներս ղեկի փոփոխութիւն չեղաւ։ Շիշլիի եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանները պիտի շարունակեն ղեկավարել ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածուները։ Մեր եկեղեցիներու կամ համայնքային հաստատութիւններու գտնուած շրջաններուն մէջ ալ նման պատկեր մը պարզուեցաւ։ Այսինքն, նախորդ շրջանի հաւասարակշռութիւնները պիտի շարունակուին։
Շատ ուշագրաւ էր մանաւանդ Շիշլիի արդիւնքը։ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր նախընտրական կանխատեսումներով, չկարողացաւ ընտ-րըւիլ քաղաքապետ եւ այդ պաշտօնին գլուխը եկաւ ՃՀՓ-ական Մուամմէր Քեսկին։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019