ԼԻԼԻԹ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ

Հայաստանի յառաջատար պետմինթըն խաղացող Լիլիթ Պօղոսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 21-30 յունիսին Մինսքի մէջ, Սպիտակ Ռուսիա, տեղի ունենալիք եւրոպական երկրորդ մարզական խաղերուն:

Տարի մը առաջ միջազգային դասաւորման 500-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պօղոսեան, բարձրանալով 226-րդ դիրք, իրաւունք ստացաւ այդ խաղերուն իր տոմսը ապահովել:

Եւրոպական այս երկրորդ խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 4 հազար երկսեռ մարզիկներ՝ 21 տարբեր մարզաձեւերու մէջ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019