ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՏԱՌՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի Ծառատունկ (Armenia Tree Project (ATP)) բարեգործական հիմնադրամին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Յակոբեան» բնապահպանական կեդրոնի համատեղ կազմակերպած եւ՝ «Գագաթաժողով յանուն անտառներու» միջազգային խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերի 20-23 թուականներուն։

Ժողովին նպատակն է նպաստել Հայաստանի անտառներու վերաբերեալ քաղաքական որոշումներու բաց ու աշխոյժ քննարկումներուն՝ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ անտառներու պահպանութեան եւ վերականգնման ոլորտները բարելաւելու համար:

Եռօրեայ ժողովին մասնակցողները առիթը պիտի ունենան մասնակցելու ոլորտին վերաբերեալ լիագումար նիստերու, քննարկումներու, զուգընթաց նիստերու, ինչպէս նաեւ այցելելու Հայաստանի անտառները: Տեղի պիտի ունենան նաեւ այցելութիւններ տեսարժան վայրեր եւ այլ հանդիպումներ:

Ժողովին օրակարգը, բանախօսներուն ցանկը եւ արձանագրութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւններ ու այլ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին յունիսին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019