ՅՍՏԱԿ ՊԱՏԿԵՐ

Երէկ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասուէր այս ընտրութիւններու արդիւնքին, որով յստակ պատկեր մը ձեւաւորուեցաւ երկրի քաղաքական հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ։ Երէկուան ընտրութիւններուն մասնակցութիւն բերին աւելի քան 45 միլիոն քաղաքացիներ, ինչ որ կը համապատասխանէ ընտրողներու շուրջ 85 տոկոսին։ Այս մեծ ընտրազանգուածին կողմէ արտայայտուած կամքը, որդեգրուած դիրքորոշումը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան երթը։ Թուրքիոյ առջեւ ներկայիս կ՚ուրուագծուի նոր հորիզոն մը՝ մանաւանդ, որ յառաջիկայ մօտաւորապէս չորսուկէս տարիներուն երկրի օրակարգէն դուրս պիտի ըլլան ընտրութիւնները։ Իրերայաջորդ ընտրութիւններու ժամանակաշրջանէ մը վերջ, այս շուրջ չորսուկէս տարուան ժամանակաշրջանը մեծ կարեւորութիւն պիտի ներկայացնէ երկրի ապագային տեսակէտէ։ Տնտեսական խնդիրներէն սկսեալ, մինչեւ արտաքին քաղաքական ու տարածքաշրջանային մարտա-հըրաւէրները՝ Թուրքիա պիտի կեդրոնանայ իր հիմնական օրակարգի մարտահրաւէրներուն վրայ։ ԱՔ կուսակցութիւնը երէկ դարձեալ առաջին հորիզոնականի վրայ դուրս եկաւ քուէարկութենէն։ Այսպէսով, նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի ղեկավարած այս կուսակցութիւնը անընդմէջ 15-րդ անգամ առաջին հորիզոնականի վրայ դուրս եկած եղաւ քուէարկութեան մը արդիւնքէն։ Սա կարեւոր յաղթանակ մըն է։ Ընտրութեան անպաշտօն արդիւնքներով, ԱՔ կուսակցութիւնը ապահոված է ձայներու 44.42 տոկոսը։ Ինչպէս ծանօթ է, ԱՔ կուսակցութիւնը «Ճումհուր» դաշինքը կազմած է ՄՀՓ-ի հետ։ Երէկուան ընտրութիւններու արդիւնքով, ՄՀՓ-ի քուէներն ալ կը հասնին 7.25 տոկոսի սահմանին։ Հետեւաբար «Ճումհուր» դաշինքը, որ մեծամասնութիւն կը կազմէ նաեւ Ազգային մեծ ժողովէն ներս, երէկուան ընտրութիւններու արդիւնքով ապահոված եղաւ ժողովուրդի շուրջ 52 տոկոսին զօրակցութիւնը։ Սա գրեթէ նոյն համեմատութիւնն է վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն ապահովուած քուէներուն հետ։ Հետեւաբար, քաղաքական մեկնաբանները կ՚ընդգծեն, որ երկրի իշխանութիւններուն նկատմամբ ժողովրդական նեցուկը կը շարունակուի։ Նախագահ Էրտողան յառաջիկայ չորս տարուան ժամանակաշրջանին այժմ արդէն կը նախատեսէ կեդրոնանալ արմատական բարեփոխումներու վրայ։ Երէկ, ընտրութիւններէն վերջ Էրտողան երկու անգամ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Անոնցմէ մին նախագահը ըրաւ Իսթանպուլի մէջ՝ սարքելով մամլոյ ասուլիս մը։ Աւելի ուշ ժամերուն Էրտողան անցաւ մայրաքաղաք Անգարա, ուր ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնի շէնքէն հանդէս եկաւ՝ այլեւս աւանդական դարձած պատշգամի ելոյթով։ Այս երկու փուլերուն ալ նախագահը ընդգծեց, որ իշխանութիւնները անհրաժեշտ զօրակցութիւնը ապահոված են եւ երկիրը յառաջիկայ շրջանին արդէն պիտի կեդրոնանայ իր հիմնական խնդիրներու լուծման ջանքերուն վրայ։

Երէկուան ընտրութեան արդիւնքը թէեւ անփոփոխ պահեց ներքին քաղաքական ուժերու դասաւորումը եւ կը բացառէ կանխահաս ընդհանուր ընտրութիւններու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը, սակայն ընդդիմութեան տեսակէտէ ալ առիթ հանդիսացաւ կարեւոր ձեռքբերումներու։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ գլխաւորուած «Միլլէթ» դաշինքն ալ երէկուան արդիւնքներու լոյսին տակ ունեցաւ որոշ յաջողութիւններ, ինչ որ ընդդիմադիր ճակատին տեսակէտէ ալ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ՝ նոր եռանդով մը աշխատելու համար յառաջիկայ շրջանին։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ուշագրաւ էր մայրաքաղաք Անգարայի ընտրութեան արդիւնքը։ Արդարեւ, Անգարայի քաղաքապետութեան ղեկը անցաւ ՃՀՓ-ական Մանսուր Եաւաշին։ Այս վերջինը ձայներու 50 տոկոսէն քիչ մը աւելին ապահովելով առաւելութեան հասաւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ թեկնածու առաջադրուած ԱՔՓ-ական Մեհմէտ Էօզհասեքիի դիմաց։ Բաց աստի, ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, ՃՀՓ-ի կարեւոր յաջողութիւն մը արձանագրեց նաեւ Իզմիրի մէջ, ուր ժողովրդական մեծ նեցուկով քաղաքապետ ընտրուեցաւ իր կողմէ առաջադրուած թեկնածուն՝ Թունչ Սոյէրը, որ ապահովեց քուէներու աւելի քան 58 տոկոսը։ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ Իզմիրի մէջ թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔՓ-ական նախկին նախարար Նիհատ Զէյպեքճի, որ կրցաւ ապահովել ձայներու միայն 38.62 առ հարիւրը։

Բուռն ընտրապայքար մը ապրուեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ թեկնածու առաջադրուած խորհրդարանի նախկին նախագահ Պինալի Եըլտըրըմի եւ «Միլլէթ» դաշինքի կողմէ առաջադրուած Էքրէմ Իմամօղլուի միջեւ պատմական նշանակութեամբ մրցակցութեան մը թատերաբեմը հանդիսացան երէկուան ընտրութիւնները։ Երկու թեկնածուներն ալ գրեթէ հաւասար ձայներ ապահովեցին։ Անոնց երկուքին ալ ապահոված քուէները 48 տոկոսի շուրջ են։ Միայն տասանորդներու կամ հարիւրերորդներու տարբերութեամբ յայտնի կը դառնայ Իսթանպուլի պարագային այս մեծ ու պատմական մրցակցութեան արդիւնքը։ Մինչեւ թերթիս մամուլին յանձնուիլը այս բուռն մրցակցութեան մէջ շատ չնչին տարբերութեամբ առաջ կը գտնուէր Էքրէմ Իմամօղլու։ Անշուշտ, վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին կողմէ։ Այս առաւօտ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդի նախագահ Սատի Կիւվէն տեղեկացուց, որ Էքրէմ Իմամօղլուի ձայները իրենց համակարգին մէջ աւելի բարձր են, սակայն 84 քուէատուփերու պարագային պահանջուած վերահաշուարկին հետեւանքով վերջնական արդիւնքը տակաւին պաշտօնապէս չի հրապարակուիր։

Անգարայի եւ Իսթանպուլի պարագային բաւական հետաքրքրական պատկեր մը պարզուած է։ Անգարայի գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնին համար թէեւ ընտրուած է Մանսուր Եաւաշ, Իսթանպուլի մէջ ալ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ Պինալի Եըլտըրըմի քուէները գրեթէ հաւասար են, սակայն գաւառակներու պարագային պատկերը բոլորովին տարբեր է։ Թէ՛ Անգարայի եւ թէ Իսթանպուլի մէջ գաւառակներու մեծամասնութեան պարագային ԱՔ կուսակցութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ է։ Մինչ այդ, կը հաղորդուի, որ բոլոր կուսակցութիւնները առարկութիւններով հանդէս կու գան քուէահամարի պարագային՝ մանաւանդ այն շրջաններուն մէջ, ուր արդիւնքը կը վճռուի շատ նուազ տարբերութիւնով։ Այս ամբողջին մէջ առաւել կարեւորութիւն կը ներկայացնեն անվաւեր ճանչցուած քուէները եւ կուսակցութիւնները վերահաշուարկ կը պահանջեն այդ անվաւեր քուէներուն համար։

Նախագահ Էրտողան երէկուան ընտրութիւններու արդիւնքները վերլուծելու ժամանակ մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց երկրի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան նահանգներու մէջ ստեղծուած պատկերին վրայ։ Ան յայտնեց, որ ժողովուրդը կանգնած է ամուր եւ թոյլ չէ տուած, որ իր կամքը մնայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ անոնց շառաւիղներու ստուերին տակ։ Էրտողան մեծապէս կարեւորեց այս հանգամանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ շրջաններու բնակիչ հայրենակիցներուն։ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի եւս ընտրութիւններու աւարտին ուշադրութիւն հրաւիրեց նոյն հանգամանքին վրայ եւ նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի քրտական արմատներով քաղաքացիներուն, որոնք չէին արտօնած, որ իրենց կամքը խափանուի այլ ուժերու կողմէ։

Բաց աստի, Էրտողան ընդգծեց, որ յառաջիկայ շրջանին Թուրքիա պիտի ձգտի Մենպիչի մէջ եւ Եփրատի արեւելքին բոլորովին վերջ տալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն։ Իր խօսքով՝ այսպէսով Սուրիա պիտի դառնայ անվտանգ երկիր մը եւ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիացիներն ալ պիտի կարենան վերադառնալ իրենց հայրենիքը։

Ամփոփելով ընտրութիւններու արդիւնքը Էրտողան միեւնոյն ժամանակ ԱՔ կուսակցութեան համակիրներուն եւ բոլոր տարրերուն յորդորեց բացարձակապէս չբարոյալքուիլ, չյուսալքուիլ՝ կարգ մը կէտերու վրայ արձանագրուած ընտրութիւններու արդիւնքով։ «Մենք ունինք կուսակցութիւն մը, որ ապահոված է ձայներու 52 տոկոսը։ Այս ընտրութեան առաջին կուսակցութիւնը ԱՔ կուսակցութիւնն է։ Միւսները թող մտածեն։ Մենք այս կէտին վրայ մտածելու բան մը չունինք, սակայն մենք կ՚ըսենք, որ պէտք է աւելի առաջ երթանք։ Այս նպատակին համար ալ պիտի շարունակենք մեր ճանապարհը՝ տեսնելով, որ այս ընտրութիւններուն ո՛ւր, ի՛նչ տեսակ թերութիւններ ունեցած ենք եւ այդ բոլորը պիտի հաւասարակշռենք», ըսաւ Էրտողան եւ ընդգծեց, որ յառաջիկայ շրջանին Թուրքիոյ մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մօտաւորապէս 56 տոկոսը ԱՔ կուսակցութեան կողմէ պիտի կառավարուի։

 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019