ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Հայաստան ներկայիս միջազգային զօրակցութեան առարկայ կը դառնայ։ Երեւան օգնութիւն կը ստանայ իր գործընկերներէն՝ արդիւնաւէտութեամբ պայքարելու համար համաճարակի դէմ։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Հայաստանին տրամադրուած միջազգային օգնութիւններուն շուրջ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւններ ընելու ժամանակ փոխ-նախարարը մասնաւորապէս կանգ առաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Եւրոմիութեան քայլերուն վրայ։

Աւետ Ադոնց յայտնեց, որ համաճարակի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը 1.1 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրած է Հայաստանին գումարի ձեւաչափով։ Եւրոմիութիւնը տեղեկացուցած է, որ 140 միլիոն եւրօ արժողութեամբ աջակցութիւն մը պիտի ցուցաբերուի՝ Արեւելեան գործընկերութեան վեց երկիրներուն համար։ Այդ 140 միլիոն եւրոյի 30 միլիոնը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան միջոցաւ պիտի յատկացուի բժշկական սարքաւորումներու եւ այլ առողջապահական նիւթերու ապահովման։ Նոյն շրջագծին մէջ 100 միլիոն եւրօ պիտի յատկացուի՝ դժուարութեան մէջ յայտնուած միջին ու փոքր ձեռնարկութիւններու աջակցութեան նպատակին։ Եւս 10 միլիոն եւրօ պիտի ուղղուի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան ծրագրերու։ Ըստ փոխ-նախարարին, տակաւին վերջնական որոշում մը առնուած չէ, թէ այս 140 միլիոն եւրոն ինչպէ՞ս պիտի բաժնուի ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից վեց երկիրներուն միջեւ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Աւետ Ադոնց ընդգծեց, որ միջազգային համագործակցութեան ամբողջին մէջ Հայաստանի տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Չինաստանի հետ համագործակցութեան բարձր մակարդակը։ Այս ամբողջին մէջ ան յատկապէս առանձնացուց Հայաստանի եւ Չինաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւններուն միջեւ փորձառութեան փոխանակումները։

Փոխ-նախարարը դիտել տուաւ, որ բժշկական սարքաւորումներու եւ նիւթերու Հայաստան մատակարարման ուղղութեամբ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի պարէտատան հետ։ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն միջոցաւ հնարաւոր դարձած է կազմակերպել փոքրաքանակ, սակայն խիստ անհրաժեշտ դեղօրայքի ներածումը։ Խօսքը կը վերաբերի «Քլորիքին»ի։ Աւետ Ադոնց շարունակեց. «Մենք մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջոցաւ ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի դիւրացուին բեռնափոխադրումները դէպի Հայաստան։ Այս առումով շատ բարձր կը գնահատեմ համագործակցութեան մակարդակն ու որակը մեր իրանցի, վրացի եւ ռուս գործընկերներու հետ, որովհետեւ այսօր շատ կարեւոր է ունենալ անվտանգ բեռնափոխադրումներու ներկայ որակն ու մակարդակը»։

Ասուլիսի ժամանակ Աւետ Ադոնց անդրադարձաւ նաեւ արտասահմանի մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները երկիր վերադարձնելու ուղղեալ ջանքերուն։ «Մենք կը տիրապետենք ամբողջ իրավիճակին։ Ներկայ դրութեամբ շուրջ 46 երկրի մէջ ունինք քանի մը հարիւր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի։ Բոլորն ալ հաշուառուած են համապատասխան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու կողմէ։ Անոնց հետ մշակուած է մշտական կապ։ Մեր ներկայացուցչութիւնները կը փորձեն գտնել այն բոլոր հնարաւոր ու հասցէագրուած միջոցները, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել մեր քաղաքացիներու հայրենիք վերադարձը կամ իրենց գտնուած վայրերուն մէջ անոնց համար համապատասխան անվտանգ պայմաններու ապահովումը», դիտել տուաւ Աւետ Ադոնց։

ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄ

Մինչ այդ, համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Հայաստանէ ներս ձեռք առնուած սահմանափակումները երկարաձգուեցան եւս տասն օրով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յորդորեց ըմբռնումով մօտենալ այս սահմանափակումներուն։ Իր կարգին, փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանն ալ տեղեկացուց, որ արտակարգ դրութեան երկարաձգեալ տասն օրերուն ընթացքին սահմանափակումները աւելի պիտի խստացուին։ Զուգահեռաբար Հայաստանի Ոստիկանութիւնն ալ կը բարձրացնէ վերահսկողութիւնը՝ տեղաշարժերու սահմանափակումները պահպանելու նպատակով։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 552-ի։ Տակաւին պարզուած չէ վարակեալ 30 անձի բնակութեան վայրը։ Վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, կառավարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ համաճարակը կանխելու ուղղեալ աշխատանքներու համակարգման յանձնաժողովի նիստը։ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այս առթիւ անդրադարձաւ վարակման դէպքերուն եւ վարակեալներու առողջական վիճակին։ Ըստ իրեն, յառաջիկայ օրերուն երկրի առողջապահական համակարգը պիտի համալրուի նոր սարքաւորումներով։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս 100 շնչառական գործիքներ, 60 հազար քննութեան միջոցներ, ինչպէս նաեւ դիմակներ, բժշկական յատուկ հագուստներ եւ ակնոցներ եւ այլ անհրաժեշտ նիւթեր պիտի ներածուին Հայաստան։

ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան օրակարգի վրայ բերաւ Գերմանիոյ ուղղեալ առաջարկ մը, որպէսզի Հայաստանի մէջ թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքերու համատեղ արտադրութիւն մը հիմնուի։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքերի հետ։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին համաճարակի տարածման հետեւանքով յառաջացած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած ջանքերուն շուրջ։ Մնացականեան եւ Ռիքեր կարեւորեցին միջազգային համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համակարգումը։ Զօհրապ Մնացականեան երախտագիտութիւն յայտնեց ԱՄՆ-ի կառավարութեան կողմէ Հայաստանին տրամադրուած աջակցութեան համար։ Հեռախօսազրոյցի աւարտին Մնացականեան եւ Ռիքեր ընդգծեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ աշխոյժ քայլեր ձեռնարկելու համար հայ-ամերիկեան համագործակցութեան օրակարգի պահպանման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020