ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԴԻՄԱԿՆԵՐԸ

Քորոնա վարակի աշխարհով մէկ տարածուելուն պատճառով, մարդիկ վերջին ամիսներուն ամենօրեայ դրութեամբ կը գործածեն բժշկական դիմակներ։ Թէեւ հեռատեսիլի հաղորդումներու ընթացքին բժիշկներ կը սորվեցնեն դիմակներու գործածութեան ձեւը, սակայն հակառակ ասոր, կան զանոնք սխալ օգտագործողներ։

Մարդոց մեծամասնութիւնը սխալ ձեւով կը դնէ բժշկական դիմակը։

Բժշկական դիմակը ստեղծուած է, որպէսզի մանրէները եւ հիւանդութիւնները չտարածուին։ Բժիշկներու համար դիմակը առաջին մակարդակի պաշտպանութիւն կը համարուի, քանի որ ան հիւանդի հետ շփուելու ժամանակ կը պաշտպանէ վարակումներէ։ Իսկ դիմադրականութեան տկարութիւն ունեցող մարդոց համար, դիմակը կը ծառայէ, որպէս հիւանդութիւններէ պաշտպանուելու միջոց, որ կրնայ ա՛լ աւելի վատացնել անոնց վիճակը։

Սակայն դիմակի սխալ օգտագործումը, կրնայ աւելի շատ վնաս բերել, քան օգուտ։

Համացանցի օգտատէրերէն մէկը պատմեց ամբողջ աշխարհին, թէ որն է ան կրելու ճիշդ ձեւը։

Անոր գրառումը շատ արագ տարածուեցաւ համացանցի վրայ, հաւաքելով 10 հազար արձագանգ եւ մօտաւորապէս 9 հազար տարածում։

Ահա, թէ ինչ գրած էր ան։

«Կ՚ուզեմ բաժնել ձեզի հետ իմ իմացութիւնները, թէ ինչպէս պէտք է ճիշդ օգտագործել բժշկական դիմակը։ Այդ սորված եմ անցած տարի գործնական փորձերու ժամանակ։

«Եթէ սպիտակ մասը կը դպչի ձեր դէմքին, այդ կը նշանակէ, որ դուք կ՚ուզէք պաշտպանել ձեզ շրջապատողները ձեզմէ (թոյլ չտալով փոխանցել ձեր վտանգաւոր մանրէները անոնց)։ Եթէ սպիտակ մասը դէպի դուրս է, կը նշանակէ, դուք կ՚ուզէք ձեր անձը պաշտպանել շրջապատող մարդոցմէ (որպէսզի մանրէները եւ ժահրերը չփոխանցուին աւ չներթափանցեն ձեր մարմնին)», գրած է օգտատէրը իր համացանցի էջին վրայ։

Կարճ խօսքով՝ եթէ սպիտակ հատուածը դէպի ներս է, ապա դուք հիւանդ էք եւ չէք ուզեր վարակել ուրիշները։ Իսկ եթէ սպիտակ մասը դէպի դուրս է, ուրեմն դուք առողջ էք եւ կ՚ուզէք պաշտպանուիլ հիւանդ մարդոցմէ։

Կապոյտ կամ այլ գոյնով ներկուած հատուածը կը պաշտպանէ բերանը եւ քիթը այլ հեղուկներու ներթափանցումէն (օրինակ՝ անոնք կրնան ըլլալ փռշտոցէ կամ հազէ դուրս մղուած թուքը եւ այլն)։ Իսկ սպիտակ կողմը՝ պարզուտ (ֆիլթրէ) է, որ կը գործէ, որպէս խոչընդոտ ընդդէմ մանրէներու, երբ դուք կը շնչէք։ Անոր համար ալ հարկաւոր է միշտ կրել դիմակը գունաւոր հատուածը դէպի դուրս։

Բժիշկները նաեւ խորհուրդ կու տան ձեռքերը լաւ մը լուալ օճառով, մինչ դիմակը զետեղելը։ Եւ ի հարկէ, երբեք չօգտագործել մէկ դիմակը երկու հոգիի համար, կամ մէկ անգամէն աւելի։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020